Այսօր մեր դատարանը կը հաւաքուի ամբաստանեալ Ֆրանչեսքան դատելու։ Ես դատարանին նախագահն եմ։ Իմ դերս մեղադրողներուն եւ պաշտպանողներուն միջեւ զրոյցը ղեկավարելն է։ Ձեր փաստարկներուն վրայ հիմնուելով պիտի որոշեմ, թէ Ֆրանչեսքան պէտք է դատապարտուի՞, թէ ոչ։ Յիշեցնեմ, որ յանցանք գործելը անպայման պատիժի պատճառ չըլլար. կրնանք հաստատել, որ ամբաստանեալը յանցանք մը գործած է, բայց յանցանք գործելը ինքնաբերաբար պատիժ չ’ենթադրեր։ Կրնանք զինք չպատժել։ Ձեր փաստարկներէն կախեալ է։
Ֆրանչեսկան (Մերիլ Սթրիբ), «Մատիսոնի կամուրջները» ժապաւէնին գլխաւոր դերասանուհին է: Իտալուհի մըն է, որ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ամուսնացած է ամերիկեան բանակի զինուոր Ռիչըրտ Ճոնսընի (Ճիմ Հեյնի) հետ։ Փոխադրուած են Ամերիկայի Այովա նահանգի գիւղատնտեսական շրջան մը, ունեցած են երկու զաւակ եւ տարիներ շարունակ ապրած են սովորական կեանք մը, զբաղելով իրենց ագարակով եւ տնային զանազան գործերով։