ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Այցելութիւն Փարիզի Ռոտէնի թանգարանը. մաս Ա.

Նախկին դպրոցասէրցիներու ծրագրի ծիրէն ներս, Կիրակի 11 Փետրուարին այցելութիւն մը կազմակերպուեցաւ դէպի Փարիզի Ռոտէնի թանգարանը։
Մեզի միացան Ալֆորրվիլի Մշակութային տան աշակերտներ, հայերէնի իրենց ուսուցչուհիին՝ տիկին Սեւան Նազարեանի հետ։ Թանգարանին մէջ մեզ առաջնորդեց պարոն Խաչիկ Գազան, որուն կը յայտնենք մեր անմնացորդ շնորհակալութիւնը։ Սրտանց շնորհակալութիւն՝ նաեւ մեր ծրագիրը քաջալերող եւ մեզի միացող ծնողներուն։
ԾԵԾԵՌՆԱԿ
Մելանի Սահաթ
11 Փետրուարին բախտ ունեցանք այցելելու Ռոտէնի թանգարանը։ Նախկին դպրոցասէրցիներով եւ Ալֆորվիլի մշակութային տան աշակերտներով խորասուզուեցանք Ռոտէնի գեղարուեստական տիեզերքը։
Այցելութիւնը կ’առաջնորդէր պարոն Խաչիկ Գազան։ Անոր բացատրութիւնները ցուցադրուած արուեստին ճոխութիւնը բացին մեր առջեւ։ Պարոն Խաչիկի միջոցով յայտնաբերեցինք Ռոտէնի քանդակագործութիւններու գեղեցկութիւնը եւ բազմակողմանիութիւնը։
Զիս մասնաւորապէս հմայեց որոշ գործերու մէջ մոմի օգտագործումը, նաեւ արուեստագէտին տաղանդը մարմնի տարբեր մանրամասնութիւնները որսալու եւ ներկայացնելու։     
Յիշողութեանս մէջ դրոշմուած պիտի մնայ Ռոտէնի թանգարան այցելութեան այս օրը, երբ արուեստն ու մշակոյթը հարստացուցին մեր միտքերն ու սիրտերը։ 
 
4 Մարտ 2024
Վրէժ Գարակէօզեան
28 Մարտ 2024
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *