Ցոլին Ճինկօզ եւ Սոֆի Կրեկորով
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
Տեղեկութիւններ եւ խաղ
Տաթեւի վանական համալիրը միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան նշանաւոր յուշարձաններէն մէկն է։ Կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզը՝ Տաթեւ գիւղին մօտ։
Տաթեւ անունը կու գայ աւանդազրոյցէ մը։ Տաթեւի վանքի ճարտարապետը անձամբ կը շինէր այդ եկեղեցին՝ քարերը մէկ մէկ շարելով։ Ատեն մը ետք, երբ վանքին վերջին քարերը կը տեղաւորէ եւ կը վերջացնէ, շատ յոգնած կ’ըլլայ եւ չի կրնար վար իջնել։ Երկինքին կը նայի եւ կը կանչէ. «թող Աստուած ինծի տայ թեւ»։ Աստուած կը լսէ իր աղօթքը եւ կ’օգնէ, որ իջնէ։ Այսպէս, վանքը կը կոչուի տայ-թեւ՝ Տաթեւ։
Վանքի առաջին եկեղեցին կը շինուի Դ. դարուն։ Ժ. դարու վերջաւորութեան անիկա կը դառնայ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռանիստը։ Թ.- Ժ. դարերուն կը կառուցուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիները։
Վանքը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանի պատմութեան մէջ, դառնալով քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային կեդրոն։ ԺԴ.- ԺԵ. դարերուն Տաթեւի մէջ կը գործէ հայկական կարեւորագոյն համալսարաններէն մին։ Այստեղ կ’արձանագրուին գիտական, կրօնական եւ փիլիսոփայական կարեւոր աշխատանքներ, կը ծաղկի մատենագրութիւնն ու մանրանկարչութիւնը։ Տաթեւի մտաւորականները կարեւոր դեր կը խաղան օտար բռնակալներու դէմ պայքարի ճիգերուն մէջ։
Խաղ Տաթեւի վանքի նիւթով
Կապոյտ տառերու օգնութեամբ գտիր հարցումներուն պատասխանը եւ լրացուր տուփիկները։
1. Ի՞նչ կը կոչուի վերի նկարին մէջ պատկերուած վանքը։
2. Ո՞ւր կը գտնուի այս վանքը։
3. Թ. դարուն ի՞նչ կը դառնայ այս վանքը։
4. Ինչպէ՞ս կ’ըսենք monastère հայերէնով։
5. ԺԴ.-ԺԵ դարերուն կրթական ինչպիսի՞ հաստատութիւն կը գործէ Տաթեւի մէջ։
6. Լրացուր ճարտարապետին խօսքը. «Թող Աստուած ինծի … »։
7. Ուրեմն, ո՞վ տուած է Տաթեւ անունը։
One Response
Bravo! J’ai bien aimé votre article