Էօժէնի Պոսնոյեան, թարգմանիչ
«Յառաջ» արեւմտահայերէնի աշխատանոց, Երեւան
Ի նպաստ արուեստի հանրայնացման
Ինչպէս մասնագիտական շատ ոլորտներ, այնպէս ալ իսկական արուեստը գնահատուիլ կ’ակնկալէ, քանի որ գնահատանքը արուեստի կարեւոր մէկ մասն է: Իզուր չէ, որ կը կազմակերպուին արուեստի մրցոյթներ եւ մրցանակաբաշխութիւններ։ Սակայն միշտ չէ որ արուեստագէտը կը գտնէ իրեն արժանի գնահատանքը երբ դեռ ողջ է, որովհետեւ շատ յաճախ իր ստեղծածը տուեալ ժամանակէն յառաջ կ’անցնի: Յաճախ, արուեստագէտը այն անձն է, որ ժողովուրդին կ’ուղղորդէ: Տաղանդներու բացայայտման, հմտութիւններու զարգացման եւ արուեստագէտն ու իր գործը հանրաճանաչ դարձնելու համար արուեստի ոլորտը կարիք ունի նիւթական աջակցութեան:
Շատ յաճախ, ժամանակակից արուեստը կը դիտուի հովանաւորի եւ կատարողի միջեւ իբրեւ գործարք: Առաջին հայեացքէն այս մէկը միայն ժամանակակից գաղափար կը թուի, սակայն միշտ ալ եղած է. օրինակ՝ արքունիքներու երաժիշտները կամ կատարողներն ու իրենց հովանաւորող իշխանաւորները: Իր ստեղծագործական կեանքի տեւողութեան արուեստագէտը կը դիմակայէ արհեստագիտական բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք նիւթական աջակցութեամբ կը լուծուին։
Արուեստագէտի եւ արուեստասէր հասարակութեան համար կեանքն առանց արուեստի կարելի չէ պատկերացնել: Սակայն ոմանց համար արուեստը գրեթէ նշանակութիւն չունի. ասոր գլխաւոր պատճառները անոնց առաջնահերթութիւններն ու նիւթական սահմանափակումներն են, քանի որ շատ յաճախ չունին հնարաւորութիւն հաղորդ դառնալու արուեստի նորութիւններուն, յաճախելու երաժշտանոց կամ ստանալու գեղագիտական կրթութիւն…։ Անոնք զբաղած են իրենց առօրեայ հոգերով եւ ունին այլ կարեւոր մտահոգութիւններ: Այս պարագային եւս, նիւթական օժանդակութիւնը թերեւս կարելիութիւն տայ անոնց հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու արուեստի հանդէպ:
Ամփոփելով միտքս, իսկական արուեստը արժանի է գնահատման, իսկ նիւթական աջակցութիւնը մեծապէս պիտի օգնէ անոր հանրայնացման ու մատչելիութեան:
20 Հոկտեմբեր 2023
Վեհան Պարսումեան, հայագիտական բաժնի ուսանող
«Յառաջ» արեւմտահայերէնի աշխատանոց, Երեւան
Առանց արուեստի կեանքը կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ
Առանց արուեստի կեանքը կը նմանի առանց պատերու շինութեան մը, որ կրնայ մարդը պատսպարել անձրեւէն, սակայն ոչ՝ ցուրտէն: Արուեստն է, որ կը գեղեցկացնէ ու կ’ամբողջացնէ զայն, կը պաշտպանէ հոգեւոր ցուրտէն: Արուեստի միջոցով մարդը կը հարստացնէ իր ներաշխարհը, այնպէս ինչպէս կը զարդարէ իր տունը: Առանց արուեստի կեանքը կրնայ շարունակուիլ, բայց այդ մէկը գոյատեւելէ անդին չ’անցնիր:
15-Նոյեմբեր 2023