ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Այցելութիւն Փարիզի Մատլէն եկեղեցին

22 Ապրիլին, նախկին դպրոցասէրցիներէ կազմուած խումբով մը այցելութիւն տուինք Փարիզի Մատլէն եկեղեցին։ Ահա թէ ինչ գրեցին անոնք։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Մարկօ Մարկոսեան

Մեր պտոյտը

Մեր պտոյտը սկսաւ անձրեւով։ Ափսոս որ հովանոց չէի առած։ Լաւ է որ Օրիորդ Նորան առած էր իրենը, որովհետեւ կը սպասէինք Օրիորդ Լիլիթին, որպէսզի խումբը ամբողջանար։

Երբ վերջապէս մտանք Մատլէն Եկեղեցին, հանդիպեցանք մեր ուղեվարին։ Հոն մեր այցելութիւնը շատ լաւ ու հետաքրքրական եղաւ։ Մենք ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէինք ուղեվարին, որ շատ բան բացատրեց մեզի։ Երբ որ այցելութիւնը վերջացուցինք, անօթեցած էինք եւ գացինք McDonalds՝ ուտելու։

Ատկէ յետոյ գացինք Concorde-ի հրապարակը, ուր նկարուեցանք, ապա  զբօսնեցինք Invalides-ի այգին։

Լաւ օր մը անցուցինք։


Մելանի Սահաթ

Փարիզի Մատլէն եկեղեցին

22 Ապրիլ 2023-ին, նախկին դպրոցասէրցիներով այցելեցինք գեղեցիկ եկեղեցի մը՝ Փարիզի Մատլէն եկեղեցին։ Ճարտարապետներէն Վինիոն ուզած է շինել տաճար մը, որ շրջապատուած ըլլայ սիւներու շարքերով։ Կան 20 մեթր բարձրութեամբ 52 սիւներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի թագաւորներու կամ սուրբերու արձաններ՝ 2,5-էն 3 մեթր բարձրութեամբ։ Եկեղեցիին երգեհոնը ունի 4500 խողովակ:

Մատլեն եկեղեցիի ճակատին վրայ կայ «Վերջին դատաստանը» քանդակագործութիւնը, որուն վրայ կայ 6 մեթր մեծութեամբ Քրիստոսի արձանը:

Այս եկեղեցին իր 100 մեթր երկարութեամբ, 50 մեթր բարձրութեամբ եւ 40 մեթր լայնութեամբ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ Փարիզի կեդրոնական թաղամասին մէջ։


Կարօ եւ Մկօ Քէշիշեաններ

Արձաններու մասին

Փարիզ գնուող Մատլէն եկեղեցին ստեղծուած է Ֆրանսայի թագաւոր Լուի ԺԵ.ի հրամանով։ Կառուցումը սկսած է 1763-ին եւ աւարտած՝ 1842-ին: Խորանին վրայ գտնուող պատշգամին վրայ կան Աստուածաշունչէ ներշնչուած պատմական հսկայ արձաններ 2,5-է 3 մեթր բարձրութեամբ։

Այն ժամանակի քանդակագործներէն ամէն մէկը իրականացուցած է մէկ արձան։ Ամենակարեւորներէն մէկն է Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացիի պրոնզէ արձանը, որ կը գտնուի եկեղեցիի մուտքին։ Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացին  իր անունը տուած է այս եկեղեցիին։

Եկեղեցիին ձախ կողմը կայ նաեւ Սուրբ Օգոստինոսի արձանը։   

Դուրսի կողմը կրնանք տեսնել 12 առաքեալներու արձանները, որոնք մօտէն շատ գեղեցիկ ու մեծ են։


Մարիամ Ասուլեան

Մարիամ Մագդաղենացի

Մարիամ Մագդաղենացին ծնած է Մագդալա. այդ պատճառով զինք կ’անուանեն Մարիամ Մագդաղենացի: Ան Նոր Կտակարանի մէջ  յիշատակուած բազմաթիւ Մարիամերէն մէկն է:

Ղուկասի Աւետարանը կը յայտնէ, որ Յիսուս ազատեց զինք եօթ դեւերէ եւ որպէս երախտագիտութեան նշան, ան մէկ քանի այլ կանանց հետ դարձաւ Քրիստոսի աշակերտը: Այդ ժամանակէն սկսեալ ան հետեւեցաւ Քրիստոսի ուր որ երթար, ըլլալով կանանց խումբի մէկ անդամը։  

 Այն սակաւաթիւ աշակերտներԷն է, որոնք կանգնած էին խաչին տակը: Ան նաեւ յայտնի է որպէս «առաքեալներու առաքեալ», քանի որ առաջինն էր, որ Յարութեան լուրը յայտնեց միւս առաքեալներուն։ «Մագդաղենացի» անուանումը անոր տրուեցաւ այն յամառութեան պատճառով, որմով ան մինչեւ վերջ մնաց Յիսուսի կողքը։ 

Մատլէն անուան ծագումը եբրայերէն է, մագդալ, որ կը նշանակէ աշտարակ: Կարճ ժամանակ անց Մարիամ Մագդաղենացին քրիստոնեաներու խումբի մը հետ մեկնեցաւ դէպի արեւմուտք:

Ինծի համար շատ տպաւորիչ պատմութիւն է։  

Միւսներէ կը տարբերի անով, որ մինչեւ վերջ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց եւ բարի լուրը տարածեց ամենուր։

Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ կատարած է շատ մարդոց կեանքին մէջ,  բայց որոշ մարդիկ մոռցան եւ չհետեւեցան անոր, իսկ Մարիամ Մագդաղենացին մնաց հաւատարիմ եւ անմնացորդ ծառայեց Յիսուսին։ Ան  իր ապրած կեանքով օրինակ եղաւ մեզի համար։


Գլարա Եարանուշ

Մատլէն եկեղեցիին պատմութիւնը

Մատլէն եկեղեցին կը գտնուի Փարիզի ութերորդ թաղամասը, Մատլէն հրապարակին վրայ։ Այս եկեղեցին կ’ամփոփէ Ֆրանսայի պատմութիւնը եւ կրօնքը։ Եկեղեցիին պատմութիւնը կը սկսի երբ որ Ֆրանսայի թագաւորը Փարիզի եպիսկոպոսին կու տայ հող մը, որ յետոյ կ’ընդարձակուի։

1763-ին, Մատլէնի շինութեան հիմնաքարը կը դրուի թագաւոր Լուի ԺԵ.ի կողմէ։ Եկեղեցիին ճարտարապետներն են Իվրի քաղաքի Փիեռ Քոնթանթ եւ աւելի ուշ՝ Վինիոն։

Եկեղեցին շինուած է յունական խաչի ձեւով, զարդարուած՝ գմբէթով մը։ Նախնական շրջանին Պանթէոնի պիտի նմանէր այս եկեղեցին։ Լուի ԺԵ.ի ժամանակ սկսուած շինարարական աշխատանքները կը դանդաղին Լուի ԺԶ.ի ժամանակ, իսկ 1789-ի Յեղափոխութեան պատճառով կանգ կ’առնեն։

Երբ որ Նաբոլէոն կու գայ 1805 թուականին, կ’ըսէ. «Մենք չենք կրնար կանգնեցնել եկեղեցիին շինութիւնը, կ’ուզեմ տաճար մը ընել յաղթական բանակին նուիրուած»։ Բայց իրականութեան մէջ, Նաբոլէոն կ’ուզէր եկեղեցի մը շինել։ Եկեղեցիին շինութիւնը կը շարունակուի Շարլ Ժ.ի ժամանակ։ Վերջապէս, Լուի Ֆիլիփ կը վերջացնէ եկեղեցիին ամբողջական շինարարութիւնը 1842 թուականին։

Ուրեմն, Մատլէն եկեղեցիի շինութիւնը կը տեւէ մէկ դար։

Եկեղեցին ունի 52 սիւներ եւ մեծ երգեհոն մը, որ շինուած է 1846 թուականին եւ մինչեւ օրս մի քանի անգամ նորոգուած է։

Մայիս 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան