ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽԱՂ. ԱՄԱՆՈՐ. մաս Դ. եւ վերջ. լուծում

Դպրոցասէր վարժարան
7-րդ դասարան

ՈՒՐԱԽ ԲԱՌԵՐ – ՈՒՐԱԽ ԽԱՂ

Գրիգոր Մելքոնեան

Գտիր պատասխանները, որպէսզի լրացնես տուփիկները.

1. Ամանորին որո՞ւ կողմէ կը ստանանք նուէր (փոքրացուցիչ ածանցով)։
2. Քնանալէ առաջ ի՞նչ կը պատմեն փոքրիկներուն։
3. Անոր միջոցով կը հետեւինք ամսուան օրերուն։
4. Յունուար ամիսը ինչպիսի՞ օդ կ’ունենանք։
5. Կաղանդ պապիկը ինչի՞ տակ կը դնէ նուէրները։
6. Ո՞ր միրգը հայկական խորհրդանիշ է։
7. Ձմրան խորհրդանիշը։
8. Փոքրիկներուն սպասածը ամանորին։
9. Վայրկեան՝ արեւելահայերէնով։
10.Տան վրայի մասը։
11. Ի՞նչ կը կոչուի այն տօնը, երբ կը զարդարենք տօնածառը։
12.Տարուան ո՞ր եղանակին կը նշենք ամանորը։


Մաթիաս Թօփուզ

Գտիր պատասխանները, ապա զանոնք տեղաւորէ տուփիկներուն մէջ.

1. Ծառ մը, որ կը դնենք տան մէջ։
2. Գեղեցկացնել ամանորեայ ծաղկեպսակներով եւ գնդիկներով։
3. Ի՞նչ կը շինենք ձիւնով։
4. Ի՞նչ կ’իյնայ երկինքէն երբ ցուրտ է։
5. Ինչո՞վ կը շարժի կաղանդ պապուկը ։
6. Ի՞նչ կը նշենք 31 Դեկտեմբերին։
7. Ի՞նչը կը շարժէ սահնակը։
8. Կաղանդ պապան ի՞նչ կը բերէ երեխաներուն։


Էրիկ Յարութիւնեան

Հետեւեալ բառերը զետեղէ տուփիկներուն մէջ.

զարմիկ
տօնածառ
կաղանդ
տօնել
ձմեռ
ձիւն
ոստրէ


05 Յունուար 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան