ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ռամսէս Բ. եւ փարաւոններու ոսկին. ցուցահանդէս. մաս Բ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Աշակերտական տպաւորութիւններ

Նարինէ  Ապելեան

Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլին մենք գացինք Ռամսէսի ցուցահանդէսին։ Դպրոցէն ճամբայ ելանք ժամը 9-ին։ Ճամբան տեւեց 30 վայրկեան։

Երբ հասանք, շատ մարդ կար։ Ներս մտանք, տեսանիւթ մը տեսանք, որ տեւեց 5 վայրկեան, յետոյ շարունակեցինք։ Շատ բաներ տեսանք։

Տեսանք զարդեր ոսկիէ, փարաւոնի արձաններ, դամբաններ, հիերոկլիֆով ծաղկամաններ, զարդարուած թանկագին քարեր, զմռսուած կենդանիներ, հայելի, ոսկիէ արձան։ Դիտեցինք նաեւ փարաւոնի կեանքի, տարած ճակատամարտի եւ պարտութեան պատմութիւնը։ Շատ բան սորվեցանք։ Հետաքրքրական էր։

Յետոյ գացինք յուշանուէրներու խանութը, որ շատ սուղ էր։ Երբ վերջացուցինք, գացինք ուտելու, խաղցանք եւ վերադարձանք դպրոց։

Ես ամէն ինչը սիրեցի, բայց զարդերը աւելի շատ սիրեցի, որովհետեւ հետաքրքրական էին, սիրուն էին (ինծի համար)։ Այս ամէն ինչը չեմ մոռնար։


Լուսիկ Եաքար

Ապրիլ 19-ին մենք գացինք Ռամսէսին ցուցահանդէսը տեսնելու։ Հոն կար շատ դագաղ, շատ մոմիա եւ Ռամսէսին մեծ արձանը։

Շատ սիրեցի, որովհետեւ ամէն տեղ կար ցուցատախտակի վրայ բացատրութիւն, որ հասկնանք։ Կային տեսերիզներ ալ։ Հասկցանք, որ Ռամսէսը Բ.ը ծնած է Քրիստոսէ առաջ 1303 թուականին եւ մեռած է 1213-ին։

Դամբանները շատ սիրեցի։ Կրպակն ալ աղուոր էր, գեղեցիկ բաներ կային։ Գնեցի կատուի արձանիկ մը եւ Ռամսէսի պապիրուսը։


Լենա Թելֆէեան

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլին թանգարան գացինք հանրակառքով։ Հոնտեղ տեսանք ոսկիէ զարդեր, արձաններ, զմռսուած մարմիններ, դիմակներ, եւ Ռամսէսի մասին դիտեցինք տեսերիզներ։ 

Ես ամէն բան շատ սիրեցի։ Յետոյ խանութ գացինք եւ յիշատակներ գնեցինք։

Դուրս ելլելէն ետք ընկերուհիներով նստեցանք թանգարանին բակի շատրուանին ծայրը, սանտուիչ կերանք։ Շատ լուսանկարներ առինք։

Վերադարձին, հանրակառքին մէջ ընկերուհիս՝ Իուան եւ ես խաղեր խաղցանք։


Նշան Երիցեան

Ռամսէսի ցուցահանդէսի այցելութիւնը սկսանք տեսահոլովակ դիտելով։ Տեսանիւթէն ետք անցանք միւս սրահները։ Կային քարէ եւ ոսկիէ զարդեր, արձաններ, օբսիդաքար։ Ամենէն շատ սիրեցի զմռսուած կենդանիները՝ կոկորդիլոսի ձագ, կատու եւլ։

Աւարտէն ետք կերանք թանգարանի բակի շատրուանին մօտ, խաղցանք, եւ հանրակառքով վերադարձանք դպրոց։  

Մայիս – Յունիս 2023

19 Ապրիլ 2023, Փարիզ, Լա Վիլէթ ցուցասրահներու բակի շատրուանին առջեւ

Մայիս – Յունիս 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան