ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԾՆԱՒ ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌԸ

Լենա Թէլֆեան
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

ԱՒԱՆԴԱԶՐՈՅՑ

Լենա Թէլֆեան

Երբ Յիսուս ծնաւ, աշխարհը ուրախացաւ։
Ամէն կողմէ մարդիկ նուէրներով եկան զինքը տեսնելու։ Յիսուսի ախոռին մօտ կային արմաւենի մը, թթենի մը եւ եղեւին մը։

Արմաւենին իր լայն տերեւները երկարեց, որպէսզի հովահարէ, երբ տաք ըլլայ։ Թթենին իր փափուկ տերեւները թափեց անկողին մը շինելու համար Յիսուսին։  Բայց եղեւինը տխուր էր մտածելով, որ իր տերեւները փուշ-փուշ են, Յիսուսի նուրբ մարմինը կը ծակծկեն։ Բան մը չունէր անոր նուիրելու։ Սկսաւ լալ։ Մութ էր։ Բոլոր աստղերը կը փայլէին։ Ուզեցին օգնել իրեն եւ մէկիկ մէկիկ վար իջան եղեւինին վրայ։ Եղեւինը սկսաւ փայլիլ։

Երբ Յիսուս արթնցաւ, փայլուն եղեւինը տեսնելով շատ ուրախացաւ։ Իր ամենէն սիրուն նուէրը եղաւ այն։ Այդպէսով, եղեւինը դարձաւ Կաղանդի ծառ, Ծնուդի ծառ։

10 Նոյեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան