Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
Ցոլին Ճինկօզ
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
Դարեր առաջ ջրհեղեղ մը պատահեցաւ եւ բոլոր երկիրները ջուրի տակ մնացին։
Նոյ Նահապետ հաւաքեց իր ընտանիքը, կենդանիները, մտաւ տապանի մը մէջ, որ կանգնեցաւ Արարատ լերան վրայ։
Տարիներ վերջ, մարդիկ բազմացան եւ սկսան չարանալ, կարծես թէ մոռցած էին պատահած աղէտը։ Մտածեցին միասին Բաբելոնի աշտարակը շինել, որպէսզի երբ Աստուած նորէն պատժել ուզէ, իրենք աշտարակին մէջ պահուըտին։ Աստուած բարկացաւ անոնց վրայ եւ կեցուց աշխատանքը։ Լեզուները փոխեց, որ զիրար չհասկնան։ Այսպիսով՝ Բաբելոնի աշտարակը կիսատ մնաց եւ մարդիկ տարածուեցան աշխարհի ամէն կողմը։
Խաղ
Հետեւեալ բառերը գտիր տուփիկներուն մէջ.
տապան
լեռ
արարատ
աշտարակ
ջրհեղեղ
մարդ
աշխարհ
1 Դեկտեմբեր 2022
Ռաֆֆի Գարա
ՀԱՅԿ ԵՒ ԲԷԼ
Այս առասպելը կը պատմէ, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը կը կռուի Ասորեստանի դէմ իր անկախութեան եւ ազատութեան համար։
Հայկը չէր ուզեր հպատակիլ Ասորեստանի թագաւոր Բէլին։ Ան իր ընտանիքով կու գայ Արարատի երկիրը եւ կը հիմնէ իր անունով բնակավայր Հայկաշէնը։ Հայկը ազատասէր, խելացի եւ քաջ մարդ մըն էր։ Բէլը Հայկին կ’առաջարկէ խաղաղութիւն՝ հնազանդութեան դիմաց, սակայն մերժում ստանալով անկէ, իր բանակով կը յարձակի Արարատի երկրի վրայ։ Հայկը, իր որդիներուն եւ թոռներուն հետ ընդառաջ կ’երթայ Բէլին։ Ճակատամարտը տեղի կ’ունենայ Վանայ լիճի ափին։ Հայկը իր երեքթեւանի նետով կը հարուածէ Բելին եւ զայն կը սպանէ։ Աս տեսնելով՝ Բէլի բանակը կը փախչի։
Հայկի սերունդը անոր անունով կոչուած է Հայկազունք, Հայկազարմք, Հայք, իսկ երկիրը՝ Հայք, Հայոց աշխարհ, Հայոց տուն, Հայաստան։
Խաղ
Հետեւեալ բառերը գտիր տուփիկներու մէջ.
արարատ
հայկ
բանակ
թագաւոր
կռիւ
բէլ
նետ
քաջ
թշնամի
լիճ
գաւառ
11 Նոյեմբեր 2022
Հիւկօ Գարասօ
ԱՐԱ ԳԵՂԵՑԻԿ
Հայաստանի թագաւորին անունը Արամ է։ Անոր մահէն ետք իր տղան՝ Արան կը դառնայ թագաւոր։ Շատ գեղեցիկ ըլլալուն համար կը կոչուի Արա Գեղեցիկ։
Հայաստան ունի դրացի երկիր մը, որ Ասորեստանն է, թագաւորին անունը՝ Նինոս, կնոջ անունը՝ Շամիրամ, որ սիրահարուած է Արային։
Նինոսի մահէն ետք, Շամիրամ կ’ըլլայ Ասորեստանի թագուհին։ Բազմաթիւ նուէրներով եւ խոստումներով կ’ուզէ Արան իր ծուղակը ձգել, բայց Արան կը մերժէ զինք։ Շամիրամ շատ կը բարկանայ եւ Արային դէմ պատերազմ կը բանայ։ Պատերազմի դաշտին վրայ Արան կը մեռնի։
Շամիրամ Արային դիակը Ասորեստան կը տանի, Արային հագուստները իր փեսային կը հագցնէ եւ կը յայտարարէ, որ Արան յարութիւն առած է։
Խաղ
Հետեւեալ բառերը գտիր տուփիկներու մէջ.
արամ
թագուհի
հայաստան
շամիրամ
նինոս
թագաւոր
ասորեստան
արա
17 Նոյեմբեր 2022