Նշան Երիցեան
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
ՎԱՀԱԳՆ ՎԻՇԱՊԱՔԱՂ
Հին ժամանակներուն, մարդիկ կը հաւատային հեթանոս աստուածներուն։ Վահագն վիշապաքաղը կրակի աստուածն էր։ Վիշապներուն յաղթող աստուածն էր։ Ան կ’իջնէր երկինքէն, որ մարդոց կրակ տար։ Մարդիկ կը մօտենային անոր, մօրուքէն կրակի կայծ կը վերցնէին, որ խարոյկ վառէին։
Օր մը աստուածներուն հայրը՝ Արամազդը հրամայեց Վահագնին, որ մնայ երկինքը, երբեք չիջնէ երկիր։ Վահագն ըսաւ մարդոց, որ կրակը վերցնեն եւ պահեն տուներու մէջ (կրակարան), քանի որ դուրսը, անձրեւի եւ քամիի տակ կրակը կը մարէր։
Վահագն երկինքէն կը նայէր մարդոց, կ’ուրախանար եւ անոնց օգնելու համար կայծակներ կ’ուղարկէր։
Խաղ
Խառնուած գիրերը ճիշդ ձեւով շարէ, յետոյ բառերը գտիր տուփիկներուն մէջ.
ա-հ-վ-ն-ա-գ
ա-ք-ղ-պ-վ-շ-ի-ա-ա
ո-ծ-ե-ա-ւ-ր-ն-ա-տ-ս
ա-կ-կ-ր
ր-դ-կ-մ-ա-ի
օ-ք-ւ-մ-ո-ր
ր-կ-ե-ր-ի
յ-ա-կ-կ-ծ-ա
ա-ա-ր-կ-կ-ր-ն-ա
13 Նոյեմբեր 2022