ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԱՐԶԱՆՔ

Աշոտ Մելքոնեան
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՖՈՒԹՊՈԼ

Ես կը պատմեմ իմ մարզաձեւիս՝ ֆութպոլի մասին։

Ֆութպոլը ծնած է 26 Հոկտեմբեր1863 թուականին։ Այս Նոյեմբերին աշխարհի առաջնութեան խաղերը սկսան։ Ես կը պաշտպանեմ Ֆրանսան։ Սիրած ակումբս Փարիզի խումբն է, իսկ սիրած խաղցողս Անթուան ​​Կրիզմանն է: Կը սիրեմ ֆութպոլը, քանի որ այս մարզաձեւը շատ հիանալի է իր դրիբլինքով, աքրոպաթիք հարուածներով։ Ֆութպոլը շատ լաւ մարզանք է մարմինի համար, կ’աշխատցնէ մեր ոտքերը, մեր բումբը, որովայնը եւ ամենակարեւորը՝ մեր խելքը:

Ես կ’երազեմ դառնալ ֆութպոլիստ եւ Փարիզի հաւաքականի մէջ ունենալ մասնակցութիւն: Ներկայիս կը խաղամ իմ քաղաքիս՝ Շէլի (Chelles) ակումբի խումբին մէջ։

Ֆութպոլը կուտայ ուրախութիւն յաղթանակի ժամանակ եւ տխրութիւն, երբ ակումբդ պարտուի։ Կը յիշեմ, որ 2016-ի Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ժամանակ, երբ Ֆրանսան պարտուեցաւ ես ամբողջ գիշերը լացի։

Ինծի համար ամենէն ուժեղ ֆութպոլիստներն են՝ Լիոնել Մեսսի, Քրիստիանօ Ռոնալտօ, Քարիմ Պենզեմա եւ Նեյմար։

25 Նոյեմբեր 2022


Անապէլա Յարութիւն
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՄԱՐԶԱՆՔԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Ժամանակին, մարդիկ պէտք չուէին յատուկ ձեւով մարզանք ընելու, որովհետեւ իրենց աշխատանքը ֆիզիքական էր. դաշտերու մէջ կ’աշխատէին, անասուն կը պահէին, երեխաները քալելով դպրոց կ’երթային: Այսօրուան պէս դիւրութիւններ չունէին։ Ուր որ երթային, քալելով կ’երթային եւ արդեն մարզանք ըրած կ’ըլլային:

Բայց այսօր, ամէն ինչ տարբեր է: Մարդիկ դիւրութիւններ ունին։ Օրինակ, աշակերտները օթօպիւսով դպրոց կ’երթան, գործի երթալու համար մարդիկ ինքնաշարժ կը գործածեն, կան նաեւ շատ ուրիշ կարելիութիւններ։ 

Մէկ կողմէն՝ մարդոց համար լաւ է, քանի որ առաջուայ պէս չեն յոգնիր։ Բայց միւս կողմէն՝ վատ է, քանի որ նուազ կը շարժին, աւելի քիչ մարզանք կ’ընեն։ Այս ձեւով, առողջութեան խնդիրներ կ’ունենան:

Անշուշտ մարզանքը հաճոյքով պէտք է ընենք։ Այսօր, շատեր գործէն արձակուելէ ետք դուրս կ’ելլեն, կը վազեն, որովհետեւ օրուան ընթացքին միտքերնին եւ ջիղերնին յոգնեցուցած ըլլալով պէտք ունին ֆիզիկապէս ալ յոգնելու, որ երկուքին միջեւ հաւասարակշռութիւն պահեն։

Մարզանքը մեր միտքը կը հանգստացնէ, հոգեպէս շատ կ’օգնէ, մեր մարմինին ուժը կ’աւելցնէ, մկանները կը զօրանան եւ ցաւերը կը թեթեւնան:

24 Նոյեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան