ԿԱՐԷՆ-ԱՐԷՆ ՀԱՆԵՇԵԱՆ,
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 9-րդ դասարան
ՄԵՐ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԳԱՆՁԸ
Լիբանանը կ’ապրի ոչ բնականոն ընթացքով։ Քաղաքական իրերայաջորդ տագնապները մեր երկիրը հասցուցին տնտեսական ճգնաժամի, որուն հետեւանքով տուժեցին մեր բոլոր բնագաւառները՝ առողջապահական, ընկերային եւ մանաւանդ կրթական։ Իբրեւ հայ աշակերտ, կ’առանձնացնեմ կրթական դժուարութիւնները, որոնք մեր դպրոցական կեանքին դիմագիծը թէեւ փոխեցին, բայց չկրցան հարուածել աննահանջ գոյատեւելու մեր կամքին, որ կը նմանի հրաշքի կամ հերոսութեան։
Թագաժահրի ժամանակ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, մենք ալ մեր կարգին ստիպուեցանք մեր տարեշրջանը աւարտել առցանց դրութեամբ։ Փակուեցան մեր բոլոր հաստատութիւնները, դպրոցները, եւ այս բոլորը մէկտեղուեցան մեր տուներուն մէջ։ Սկսանք աւելի մօտէն ծանօթանալ մեր տուներուն, ուր աւելի ժամանակ սկսանք անցընել քան առաջ եւ հոն սկսան երեւան գալ անյարմարութիւններ, անշո՛ւշտ կամքէ անկախ պատճառներով. ելեկտրականութեան հոսանքէ զրկում, երկար ժամերով կապի խզում, որոնք ուղղակիօրէն իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցան կրթական մեր առցանց դրութեան վրայ։
Մեծ մասամբ թօթափելով այս ժահրի ազդեցութիւնը, երկիրը սակայն ինքզինք գտաւ նոր աղէտի մը դիմաց. տնտեսական ահաւոր տագնապ, թղթոսկիի արժեզրկում, վառելանիւթի գիներու տասնապատկում, գործազրկութիւն, եւայլն․․.
Հակառակ այս բոլոր պայմաններուն, մեր դպրոցները բացին իրենց դռները հայ աշակերտին դիմաց։ Հայ դպրոցը միայն կրթօճախ չէ՛, ուր մենք կը սորվինք մեզի համար սահմանուած կրթական ծրագրի դասեր. ան մեզ կը դաստիարակէ եւ կու տայ նաեւ կեանքի դասեր, մեր երակներուն մէջ կը ներարկէ հայրենասիրութեան եռագոյն դասեր։ Հոն՝ մենք կը սորվինք ընկերասիրութիւն, կարգապահութիւն, ճշդապահութիւն, սէր եւ յարգանք մեծերուն հանդէպ եւ այս բոլորին կողքին՝ գիտութիւն, լուսաւորութիւն։
Այսօր, երբ մեր ականջները լեցուած են զբօսանքին վազվզող աշակերտներու աղմուկով եւ այդ աղմուկը սանձող զանգի քաղցր ղօղանջով, պահ մը կը մտաբերեմ մեր հայրենի Արցախի ինծի տարեկից պատանիները, որոնք այս աղմուկէն զրկուած են: Աւելի՛ն, անոնք կորսնցուցած են իրենց դպրոցները եւ գրասեղանները Վարանդայի, Հադրութի, Ջրականի եւ Շուշիի մէջ։
Այժմ կը գիտակցիմ մեզի շնորհուած այս թանկարժէք գանձին կարեւորութեան, որ հայ դպրոցն է, որ իմ եւ ընկերներուս մէջ վառ կը պահէ պայքարի, պահանջատիրութեան ու վրէժի ոգին, վերադարձնելու մեր հողային, մշակութային, կրթական կորուստները եւ այն բոլորը, որոնք իւրայատուկ են մեր ժողովուրդին։
Իմ կրթական, միութենական, ընկերային բոլոր աշխատանքներս կը ծաւալին մէկ ընդհանուր վերնագրի տակ, որ է «Մէկ ազգ մէկ հայրենիք՝ Հայաստան ամէն բանէ վեր»։
28 Նոյեմբեր 2021