ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐԸ
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔ
ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Այս տարուան աշնանային մեր առաջին զրոյցը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 24 Հոկտեմբերին։ Արցախեան պատերազմի պատճառով փոխեցինք մեր ծրագրած նիւթը, որպէսզի համապատասխանէ մեր տրամադրութիւններուն։
Ատկէ ետք բազմաթիւ անգամներ, մանաւանդ 9 Նոյեմբերի անակնկալ լուրերուն պատճառով, ունեցանք հապճեպ հանդիպումներ, փորձելով կարգի բերել մեր ցան ու ցիր ապրումները եւ մտածումները։
Ահաւասիկ այն հիմնական հարցումը, որուն շուրջ զրուցեցինք երիտասարդական մեր խումբով. մենք՝ սփիւռքահայ երիտասարդներս, ինչպիսի՞ ճակատներու վրայ կը մղենք Արցախեան պատերազմը։ Այստեղ կ’ամփոփեմ արտայայտուած քանի մը միտքեր, որոնց կ’աւելցնեմ իմս։
Արցախ, 27 Սեպտեմբեր 2020։ Սկսաւ արիւնոտ երկրաշարժ մը։
Սփիւռք, նոյն թուական։ Ցնցուեցան աշխարհի տարբեր կողմերու հայ երիտասարդները։
Մեր նստած հանգիստ վիճակէն ընդոստ կանգնեցանք եւ ջանացինք օգտակար դառնալ։ Բայց ինչպէ՞ս, ի՞նչ էին մեր ուժերը, մեր միջոցները, որո՞նք էին մեր կողմնակիցները, ի՞նչ տեսակ էին պայքարի մեր զէնքերը, որքա՞ն կապար ունէինք արձակելիք եւ որո՞ւ դէմ։
Հոս՝ մեր հարցումները բազմացան այն արագութեամբ, որքան հոն աւելցան սգաւորները։ Հասկցած էինք։ Արցախը պատերազմի մէջ էր։
Նախ՝ սահմանենք պատերազմը։ Պատերազմը տեղի կ’ունենայ որոշ վայր մը, կ’ունենայ զինային դերակատարներ, կամք պարտադրելու նպատակ, ֆիզիքական կորուստներ եւ մանաւանդ՝ ճակատագիրներու խորտակում։
Միւս կողմէն՝ սփիւռքը կը պայքարէր։ Պայքարն ալ պատերազմ է, բայց գաղափարի։ Արցախեան այս պատերազմի սկիզբէն թուրքերը սկսան սխալ քարոզչութեան արշաւի մը, ծածկելով իրենց անխոստովանելի ծրագիրը, այսինքն՝ բուն իրականութիւնը։ Մեր պայքարը եղաւ իրականութիւնը յայտարարելն ու պարտադրելը։
Ինչպէ՞ս կրնայինք այս նպատակին հասնիլ։ Դժուար իրագործելի աշխատանք, քանի որ մեր դիւանագիտական զէնքերը ըստ երեւոյթին բաւարար չեն։ Հայ ժողովուրդը՝ թէեւ խելացի, բայց իրեն կը պակսի նուաճելու ոգին։ Մեր հաւաքական ջանքը ապարդիւն է մանաւանդ՝ քանի որ մեր յաջողութեան հոմանիշը ազդեցութիւնն է եւ հայ ժողովուրդը, դժբախտաբար, ազդեցութիւն չունի քաղաքական բնագաւառին մէջ։ Արցախի պատերազմը 30 տարի է կը տեւէր։ Ինչո՞ւ մեզ նախորդող սերունդը չէ կրցած կազմակերպուիլ, հետեւաբար մեզ ալ պատրաստել, ինչո՞ւ չէ դրած պէտք եղած հիմերը, որպէսզի մենք այսօր աւելի ինքնավստահ եւ մանաւանդ՝ գիտակից, պայքարի հրապարակ իջնէինք։ Այսօր ահա այս ծանր պատասխանատւութիւնը երիտասարդներու ուսերուն դրուեցաւ։
Կ’աւելցնեմ նաեւ, որ Արցախեան պատերազմը դադրեցաւ, դաշինք կնքուեցաւ եւ Հայաստանը զօռով ընդունեց իր պարտութիւնը։
Մեր աշխատանքը նոր երեսներ ունի այլեւս։ Եթէ յաղթէինք, տարբեր պիտի ըլլար, զիրար պիտի գովէինք մեր յաջող գործունէութեան համար։
9 նոյեմբերէն սկսեալ մեր կազմակերպութիւնը եւ մեր նպատակը զօրացան։ Խելացի ու իմաստուն սերունդ պիտի պատրաստենք։
Ծաղիկի պէս սկսան ծաղկիլ զանազան ծրագիրներ։ Սակայն այն ծրագիրը, որ պիտի յաջողի, անձնականը չէ, այլ հաւաքականը։
Յաջորդ թիւերով պիտի հրատարակուին ընկերներուս կարծիքները։
19 Նոյեմբեր 2020