Անի Գոկդեդէ, Լարա Ֆարհատեան, Աթենա Փերրօ, Լիտիա Կօլ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Արաբական Աշխարհի Հիմնարկ. այցելութիւն եւ մանրանկարչական աշխատանոց
Յունուարին, Փարիզի Արաբական Աշխարհի Հիմնարկ մեր այցելութեան ընթացքին բացայայտեցինք արաբական աշխարհի պատմութեան եւ մշակոյթի մի քանի կարեւոր կողմերը։
Նախ, մտանք սրահ մը, ուր խօսեցանք Միջագետքի մասին։ Սորվեցանք սեպագիր գրութեան մասին, որ պատմութեան գրային առաջին ձեւերէն մէկն է։ Ասիկա մեզի օգնեց աւելի լաւ հասկնալու, թէ ինչպէս առաջին քաղաքակրթութիւնները սկսած են գրել եւ փոխանցել իրենց գիտելիքները։
Այնուհետեւ բարձրացանք ուրիշ յարկ մը, ուր խօսեցանք Լիբանանի մասին։ Յատկապէս անդրադարձանք որբերու եւ որբանոցներու թեմային, ինչ որ մեզի օգնեց հասկնալու երկրի պատմութեան եւ հասարակական իրականութիւններու մէկ մասը։
Տեսանք նաեւ տարբեր քարեր, որոնք հին ժամանակներուն կը գործածուէին գոյնանիւթեր պատրաստելու համար։
Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէս ժամանակակից արտադրանքներէն առաջ գոյները կը ստացուէին բնական նիւթերէ։
Նաեւ տեսանք Քուրանի օրինակ մը։ Նկատեցինք, որ Քուրանի մէջ որոշ գրութիւններ կարմիրով էին եւ ուսումնասիրեցինք արաբական տառերը, համեմատեցինք հայկականին հետ։ Ասիկա մեզի օգնեց աւելի լաւ հասկնալու ձեռագիր գեղագրութիւնը եւ գրութեան կարեւորութիւնը հին աշխարհի բոլոր աւանդութիւններուն մէջ։
Մեր այցելութեան նպատակն էր դասարանով մասնակցիլ հայկական մանրանկարչութեան նուիրուած աշխատանոցի մը։ Մեր այցելութիւնը եւ աշխատանոցը ղեկավարեց ԱԱՀի անձնակազմէն հնագէտ տիկին Կասիա Արթին։
Տիկին Արթին մեզի բաժնեց Զահրատի մանրանկարչական նախշերով ձեռագիր բանաստեղծութիւնը՝ «Մեսրոպաբոյր»։ Նախ կարդացինք, այնուհետեւ ներկեցինք զարդարուն գիրերը ու բանաստեղծութիւնը շրջապատող զարդերը։
Այս այցելութիւնը շատ հարստացուցիչ էր, որովհետեւ մեզի կարելիութիւն տուաւ խորացնելու մեր գիտելիքները թէ΄ արաբական աշխարհի եւ թէ΄ հայկական պատմութիւններու, մշակոյթներու եւ կրօնքներու մասին:
28 Փետրուար 2026
One Response
Չէի գիտեր, թէ` Արաբական Աշխարհի Հիմնարկը, Լիբանահայութեան մասին ալ, բաժին մը ունի։