Էտի Պաղտասարեան, Նարինէ Ապելեան,
Ալեք Տեկիրմենթաս, Ռաֆայէլ Խանչարեան
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Ոմանք՝ նոյնիսկ սպաննես, չեն մեռնիր
Հրանդ Տինք ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954-ին, Մալաթիա։ Թրքահայ ճանչցուած լրագրող եւ գրող է։
Հրանդ Տինք ծանօթ է մարդու իրաւունքի, խօսքի ազատութեան ու հայերու եւ թուրքերու միջեւ բարեկամութեան համար իր տարած պայքարով։
«Ակօս» թերթը
1996-ին ան հիմնած է «Ակօս» թերթը, Իսթանպուլ։ Այս թերթը երկլեզու է։ Դատապարտած է թուրքերու կողմէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը։ Իր յօդուածներուն եւ ելոյթներուն պատճառով յաճախ դատարան կանչուած է։
Նպատակը եղած է հայերու եւ թուրքերու միջեւ համաձայնութիւն եւ բարեկամութիւն հաստատել։
2007-ին՝ 19 տարի առաջ, 19 Յունուարին իր հիմնած թերթի՝ «Ակօս»ի կեդրոնին առջեւ սպաննուեցաւ։
Յուղարկաւորութեան ժամանակ հարիւր հազարաւոր մարդիկ լուռ քալեցին, ցուցանակներ բռնած, որոնց վրայ թրքերէնով գրուած էր «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք» եւ «Մենք բոլորս հայ ենք»։
30 Յունուար 2026