ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ընտանեօք ճամբորդութիւնս Հայաստան

Մելինէն այս յօդուածը ամառը ղրկած էր Ծիծեռնակին։ Կը հրատարակենք այսօր, ուշացումին համար Մելինէին ներողամտութիւնը խնդրելով։ 

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Մելինէ Ցուգունեան,
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան

2025 Ապրիլի 19-ին, առաջին անգամ ըլլալով հայրենիքս այցելեցի։ Շատ ուրախ էի, որովհետեւ ընտանեօք ճամբորդեցինք։ Մեր խումբը 16 հոգիէ բաղկացած էր։

Երբ Հայաստան հասանք, առաջին բանը, որ տեսայ Արարատ լեռն էր։ Շատ տպաւորիչ էր։ Կիրակի օրը, բոլորս միասին Էջմիածին գացինք եւ Սուրբ Զատիկը տօնեցինք։ Յետոյ Սարդարապատ այցելեցինք։ Յաջորդ օր Խոր Վիրապ գացինք եւ Գրիգոր Լուսաւորիչին փոսին մէջ իջայ զարմիկներուս հետ։ Յետոյ, Գէորգ Չաւուշին արձանին մօտ հաւաքուեցանք եւ մեծ հօրս աճիւնները թաղեցինք։

Ես շատ սիրեցի Ծաղկաձորը, որովհետեւ իմ զարմուհիիս՝ Լենային հետ ճոպանուղի նստեցանք։ Անշուշտ Սեւան ու Դիլիջան ալ այցելեցինք։

Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ջահերու երթին մասնակցեցանք եւ 5 ժամ քալեցինք Հանրապետութեան հրապարակէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր անմար կրակին շուրջ մոմ եւ ծաղիկ դրինք։

Առիթ ունեցանք լաւ ժամանակ անցընելու ընտանեօք։ Մարաշլեան սթիւտիոյի մէջ հայկական տարազներով նկարուեցանք։

Շատ կ’ուզէի տեսնել Մատենադարանը։ Այս մէկը հօրս, մօրս եւ եղբօրս հետ այցելեցի։ Երբ դուրս ելանք հոնկէ, հայրս առաջարկեց պոնչիկ (խմորեղէն մը) ուտել … միամ միամ….

Այս ճամբորդութեան առիթով ծանօթացայ հօրս կողմէ ընտանիքիս։ Գացինք Մասիւ եւ տեսանք այն տունը, ուր հայրս ապրած եւ մեծցած է մինչեւ Ֆրանսա գալը։

Շատ ուրախ եւ տպաւորուած վերադարձայ այս ճամբորդութենէն։ Վստահ եմ, որ կը վերադառնամ Հայաստան։

Մելինէն եւ եղբայրը՝ Արամիկը

7 Յունիս 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

One Response

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *