Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Երուխանի մասին
Դաւիթ Մարկոսեան եւ Ազատ Քէշիշեան
Կենսագրութիւն
Երուխանի բուն անունը Երուանդ Սրմաքէշխանլեան է։ Ծնած է 1870-ին Պոլիս, Խասգիւղ արուարձանը։ Կը յաճախէր Ղալալթիոյ Կեդրոնական վարժարանը։ Իր ուսուցիչները զինք կը համարէին անընդունակ աշակերտ։ Անոր թելադրեցին, որ ուսումը ձգէ եւ արհեստի մը հետեւի։ Փաթրոնն ալ ըսաւ, որ անընդունակ էր։ Ուստի, Երուխան սկսաւ իր կողմէն, մինակը, խենթի պէս աշխատիլ։ Ինքնաշխատութեան շնորհիւ ուսումը աւարտեց, եղաւ դպրոցի տնօրէն եւ հայերէնի ուսուցիչ։
Երուխան ճանչցուած է իբրեւ մանկավարժ եւ գրող։ Ան ցեղասպանութեան զոհ գնաց 1915ին։
Լեւոն Պօղոսով
Երուխան տկարներէն էր շարադրութեան մէջ։ Օր մը տնօրէնը իրեն ըսաւ, որ չէր կրնար ուսումը շարունակել, աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ երթար արհեստի մը հետեւէր։ Ասկէ յետոյ, ան դպրոցէն ելաւ, արհեստ մը գտաւ եւ սկսաւ աշխատիլ։ Բայց իր փաթրոնը իրեն ըսաւ, որ չէր կրնար աշխատիլ եւ պէտք է որ դպրոց երթար։ Ուրեմն, որոշեց արհեստը կեցնել։ Չէր գիտեր ի՞նչ ընել։ Երկար խորհրդածութենէ ետք որոշեց ինքնաշխատութեամբ ուսանիլ։ Երկուքուկէս տարի անդադար, գիշեր-ցերեկ այս դպրոցը յաճախեց։ Հոգին զօրացած վերջացուց դպրոցը։
Ան իր ինքնաշխատութեամբ ցոյց տուաւ, որ ուսուցիչներուն գուշակութիւնը սխալ էր։
26 Սեպտեմբեր 2025
5 Responses
Կեցցէք բոլորդ. ինչ լաւ ներկայացուցած էք Երուխանը շարադրութեամբ և իր կեանքի պատմութիւնը՝ գծանկարներով:
Կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ. Ալեքս Կիւլամիրեան, Աթենա Բերրօ, Լարա Ֆարհատեան, Մելինէ Ֆորէլ, Անի Գոկդեդէ,
Լեւոն Պօղոսով, Ազատ Քէշիշեան, Դաւիթ Մարկոդեան և ձեր շնորհալի ուսուցչուհին՝ Նորա Պարութճեան:
Ձեր աշխատասիրութիւնը տեսնելով ՝ որպէս ձեզի աղգակից, ՀԱՅ, շատ կ՝ուրախանամ: Շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ աշխատանքին համար😀🥰
Շնորհակալ ենք, տիկին Դանիէլեան, մեր աշխատանքը իսկապէս քաջալերող այս խօսքերուն համար։
Chaaad abriss siréli achagértnér.
Ella kravor pagine yév kzakroutiounnére chad hatchogh nérgayazouzik.👌👏🥰
Charounagétzék ayssbéss.
Chaad abriss siréli achagértnér
Ella kravor yév kdzakroutian zévov chad hatchogh pazadrétzik yév zouiitz devik ayss batmoutioune. 👌👏🥰
Charounagétzék ayssbéss.👍😍
Շիորհակալ ենք ձեր քաջալերական խօսքերուն համար։