ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Հայաստանի մայրաքաղաքները. մաս Ա.

Էտի Պաղտասարեան,
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան

Հայաստանի մայրաքաղաքները. տեսներկու առաւել մէկ

Les douze capitales d'Arménie, հրատարակութիւն՝ Somogy éditions d'art, 2010, էջ 5
Հայաստան իր գոյութեան ընթացքին ունեցած է 13 մայրաքաղաք։
  1. Վան. Հայաստանի (Ուրարտուի) առաջին մայրաքաղաքն է։ Հիմնուած է Ք.Ա. 9-րդ դարուն եւ տեւած է մինչեւ Ք.Ա. 6-րդ դար։ Մարերը գրաւեցին երկիրը եւ վերջ գտաւ այս թագաւորութիւնը։ Վանը երեք դար մայրաքաղաք մնաց։ Այսօր կը գտնուի Թուրքիա։
  2. Արմաւիր. Երուանդ Գ.-ի կողմէ դարձաւ Երուանդեան թագաւորութեան մայրաքաղաք Ք.Ա. 331-ին։ Տեւեց մինչեւ Ք.Ա. 210։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
  3. Երուանդաշատ. Ք.Ա. 210-ին Երուանդ Դ. զայն վերածեց մայրաքաղաքի։ Մինչեւ Ք.Ա.180 մայրաքաղաքն էր Երուանդեան թագաւորութեան։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
  4. Արտաշատ. Արտաշէսեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղաւ Ք.Ա.180-էն մինչեւ 5-րդ դար։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
  5. Տիգրանակերտ. Մեծն Տիգրանի հիմնած մայրաքաղաքը 75-էն 55 Ք.Ա.։ Այսօր կը գտնուի Թուրքիա։
  6. Վաղարշապատ. Արշակունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր 163-էն 428 թուականը։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
  7. Դուին. Արշակունի թագաւոր Խոսրով Դ.ի կողմէ վերածուած է մայրաքաղաքի 428-ին։ Եղած է Արշակունեաց թագաւորութեան, ինչպէս նաեւ մարզպանական Հայաստանի մայրաքաղաք, մինչեւ 884 թուականը։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
  8. Բագարան. կարճ ժամանակ, միայն 8 տարի, եղաւ Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաք, 884-էն 892 թուականը։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
  9. Շիրակաւան. Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք՝ 892-էն 928 թուականը։ Այսօր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, հայ-թրքական սահմանին։
  10. Կարս. Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք 928-էն 961 թուականը։ Այսօր կը գտնուի Թուրքիա։
  11. Անի, կամ հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաքը Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաքը եղաւ 84 տարի, 961-էն 1045 թուականը։ Այսօր կը գտնուի Թուրքիա։
  12. Սիս. Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք 1198-էն 1375, մինչեւ Կիլիկիոյ անկումը։ Այսօր կը գտնուի Թուրքիա։
    +1
    Երեւան. 1918-ին եղաւ Հայաստանի մայրաքաղաքը. Հանրապետութեան առաջին մայրաքաղաքն է ու կը մնայ մինչեւ հիմա։   
Յաջորդ թիւով կը շարունակենք այս նիւթը խաղով մը։
23 Յունուար 2024
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *