Մեր երիտասարդական խումբի հանդիպման վերջին նիւթն էր ՙՍորվիլ եւ սովորաթափուիլ՚։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2021-ին։ Նիւթը առաջարկողն ու օրուան զրուցավարն էր Երազ Պանիքեան։ Յաջորդաբար պիտի հրատարակենք երկու մասնակիցներու խորհրդածութիւնները։ Ստորեւ՝ Երազինը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
ԶԱՐԳԱՆԱԼ ՍՈՎՈՐԱԹԱՓՈՒԵԼՈՎ
Ո՞վ էք։ Ինքզինքնիդ իսկապէս կը ճանչնա՞ք։
Շրջանակս հետեւեալ պատասխանը կու տայ այս հարցումին.
մեր շրջապատը, ընկերութիւնը, ընտանիքը, դպրոցը կամ փորձառութիւնը մեզ կը կաղապարեն։ Մէկ բառով՝ ենք, ինչ որ սորված ենք, եւ պիտի ըլլանք, ինչ որ պիտի սորվինք։
Ես համոզուած չեմ այս պատասխանին։ Վարժութիւն ըրած եմ հարցումներ ուղղելու։ Ինծի համար սորվիլ կը նշանակէ ընդունիլ տուեալ մը իբրեւ իրականութիւն։
Այս իրականութենէն ելլելով կը կազմուի աշխարհի ընկալումս։ Իսկ եթէ փոխուի այդ իրականութիւնը, այսինքն՝ ինչ որ ստացած եմ սորվելու միջոցով, ուրեմն անպայման պիտի փոխուի աշխարհի ընկալումս։
Արդեօք սորվիլը զիս կը մօտեցնէ՞, թէ կը հեռացնէ իմ ինքնութենէս։
Ինքզինքս զարգացնելու համար պէտք կը զգամ մօտենալու իմ ինքնութեանս։ Ինչպէ՞ս։ Սովորաթափուելով։
Կ’ուզեմ ազատիլ սորվածներուս ազդեցութենէն, որ մօտենամ խոր ինքնութեանս։ Ինքզինքս ազատելով սորվածներէս, ուրեմն՝ ինքզինքս ճանչնալով, պիտի կրնամ զարգանալ։ Ինչպէս ըսաւ Փիքասօն, ՙԵրբ պզտիկ էի, Ռաֆայէլի նման կը նկարէի։ Կեանք մը տեւեց, որ երեխայի պէս նկարեմ՚։
Իր սորվածէն ազատեցաւ, որ իր ինքնութեան մօտենայ։
10 Նոյեմբեր 2021
One Response
Երազ, յօդուածիդ նիւթը շատ հետաքրքրական է եւ ուրախ եմ խօսակցութեան համար որ տեղի ունեցաւ այս նիւթին շուրջ։ Կուզէի աւելցնել որ սովորաթափուիլն ալ մաս կը կազմէ սորվելու (տարբել գործարկութիւն չէ) եւ հետեւաբար մեր ինքնութեան։ Մեր կեանքին ընթացքին, տարբեր բաներ կը սորվինք եւ կրնանք նաեւ որոշել երբ մեր սորվածները մեզի չեն ծառայել դրական ձեւով որ ալ պէտք ունինք բոլորովին նոր ձեւ սորվիլ։ Բայց արդե՞օք հին ձեւը կրնանք կատարելապէս ջնջել։ Վստայ չեմ։