ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ. ՄԱՍ Բ.

Ընդհանուր Տեղեկութիւններ Յիշատակի  Իրաւունքի Մասին

ԳԱԲՐԻԷԼ ՍԱՐԱՅԼԸ

Անցեալ դէպքերուն յիշատակները ունենալ բնաւ նոր բան մը չէ: Միշտ ժողովուրդները յիշած են իրենց թշնամիներուն չարիքը կամ իրենց հերոսներուն բարիքը, ըլլա՛յ պատմական ճշգրտութեամբ, ըլլա՛յ կարգ մը փոփոխութիւններով:  

Սակայն յիշատակի իրաւունքի գաղափարը բաւական նոր միտք մըն է: Օրինակ մը տալու համար, 1919-ին ֆրանսացի պետական անձնաւորութիւն մը՝ Միլերան (Alexandre Millerand), այս գաղափարով ուզեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի կարգ մը ճակատներու մասին գրուի, որպէս զի պատերազմի յիշատակ մը մնայ։ Սակայն այն ժամանակին իր առաջարկը մերժուեցաւ, քանի որ նախընտրելի համարուեցաւ, որ պատերազմի վէրքերը մոռցուին, քան թէ յիշուին:

Համաշխարհային Բ.պատերազմէն ետք, նման կամքով մարդիկ ուզեցին յիշել զոհերը, մանաւանդ զինուորները: Բայց յիշատակի իրաւունք կամ յիշատակի պարտաւորութիւն ըսուածը, իբրեւ մարդկային իրաւունքի ու բարոյական պարտաւորութան գաղափար,  բացորոշ ձեւով յայտնուեցաւ 1980-1990 թուականներուն, երբ հրեաներու ջարդի իրագործման մէջ Ֆրանսայի դերին մասին գործեր հրատարակուեցան: Այս պարագային ընդունուեցաւ, թէ զոհերուն իրաւունքն էր, որ իրենց պատահածը չմոռցուէր, եւ առաւել՝ իրականութիւնը գիտցող մարդոց պարտաւորութիւնն էր զոհերուն յիշատակը պաշտպանել ու տարածել: Այս մտայնութեան համաձայն, պաշտպանուած յիշատակը պէտք է դառնայ ընդհանուր:

Նման շարժումներ տեղի ունեցան Ֆրանսայի մէջ, երբ գրուեցաւ Արճերիոյ գաղութացման մասին, իսկ աշխարհի ուրիշ տեղեր ալ, օրինակ, սեւամորթ գերիներուն յիշատակութեան հարցին մասին:

Ուրեմն, յիշատակի պարտաւորութիւնը կը ստիպէ ընդունիլ վնասուած խումբ մը իբրեւ զոհ, կը ստիպէ յայտնաբերել պատասխանատուները, յանցաւորները, եւ վերջապէս, կ’ուզէ ստեղծել ընդհանուր յիշատակ մը, որ գոյութիւն ունենայ ամբողջ ժողովուրդի միտքին մէջ: Այսպիսի յիշատակ մը ընդհանուրին հասանելի դարձնելու համար կը հրատարակուին պետական օրէնքներ, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կ’աւելցուին բաժիններ, կը հիմնուին յուշարձաններ ու թանգարաններ:

Այսօր, զանազան պատմաբաններ կը զգուշացնեն ըսելով, որ յիշատակ ու պատմութիւն հոմանիշներ չեն, միայն յիշատակներով կարելի չէ հասկնալ պատմութիւնը, լուծել պատմական դժուար խնդիրները եւ պատասխանել անոր զանազան հարցումներուն: Կը գանգատին պետական օրէնքներէ, որոնք կը սահմանափակեն պատմական ուսումնասիրութիւնը եւ թոյլ չեն տար, որ կարգ մը պատմական կէտեր վերաքննուին, որովհետեւ վերաքննութիւնը կրնայ մեղադրուիլ յիշատակութեան իրաւունքի մերժումով եւ պատժուիլ՝ ըստ օրէնքի:

Կը գանգատին նաեւ կառավարութիւններէ, մանաւանդ Եւրոպայի, առարկելով որ յիշատակի իրաւունքը կ’օգտագործուի  քաղաքական նպատակներով, որոնց համեմատ կ’որոշուի դասագիրքերուն փոփոխութիւնը, բացատրելու համար, օրինակ՝  Սովետական Միութեան  կամ Մուսոլինիի ֆաշիսթ Իտալիոյ բաժինները։ 

29 Ապրիլ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան