ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ, առցանց թղթակից
Որոշած էի այս առտու գնումի երթալ նէնէիս ընկերակցութեամբ։ Նէնէս տանս մօտ կ’ապրի, բայց շատ առիթ չունիմ զինք տեսնելու։ Երիտասարդ ենք. նոր գործ, ընկեր, սիրահար, պտոյտ, եւ այլն։ Նէնէս սիրտիս մօտ է, բայց ես իր քովը չեմ։
Ուրեմն այս առտու, ձեռք ձեռքի, դուրսերն էինք գնում ընելու համար։ Գիտեմ որ մեծ մօրս համար թոռնիկներուն հետ շուկայ երթալ պտոյտ կը նշանակէ։
Կը քալենք դանդաղ, կը խօսինք, կը խնդանք։ Իմ կեանքս կը պատմեմ, ինքն ալ իր յիշատակները։ Աղուոր ժամանակ կ’անցընենք իրարու հետ: Զարմանալին այն է, որ ֆրանսերէն չի խօսիր, բայց խանութպաններուն հետ շատ լաւ կը հասկցուի։
Բացառիկ նէնէ մըն է Վարդուհին: Անկախ, ճարպիկ եւ անվախ: Կը կարծեմ, որ ընտանիքով շրջապատուած անձ մը վախով չ’ապրիր, այլ վստահութեամբ։
Մեր պտոյտին ընթացքին հանդիպեցանք նէնէիս սովորական պտղավաճառին։ Զինք երբեք չէի տեսած, բայց ինք նէնէս լաւ կը ճանչնար։ Հայ չէր, բայց հայերէն կը խօսէր, այսինքն՝ բարեւ մարեւ, լոլիկ, վարունգ, եւայլն։ Իր գործը քալեցնել լաւ գիտէր: Ես ալ հմայուած մտիկ կ’ընէի զինք, երբ մէկէն ինծի հարցուց. «Հայերէն ի՞նչ կ’ըսենք persil-ին» ։ Վստահութեամբ` «մաղտանոս» պատասխանեցի։
Պտղավաճառը դարձաւ` «ոչ, ազատքեղ»։
Ամչցած եւ ապշած մնացի։ Արդեօք շուկայի մէջ պտղավաճա՞ռ պէտք է ըլլամ, որ մայրենի լեզուս մաքուր խօսիմ։
19 Մարտ 2022