ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Տպագրութեան գիւտը

Ուրբաթագիրք (հայերէն առաջին տպագիր գիրքը, 1512), Ս. Ղազար, Վենետիկ

Ալէք Տեկիրմենթաս
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Ի՞նչ փոփոխութիւններ բերաւ տպագրութեան գիւտը

Տպագրութիւնը մեքենայի միջոցով թուղթի վրայ մելանով գրելու ձեւն է, որ ստեղծուեցաւ 1440 թուականին, Կիւթենպերկի կողմէ, Գերմանիա։

Այս գիւտին միջոցով տպուեցան գիրքեր, հրատարակուեցան թերթեր, որոնք հասանելի եղան բոլորին անխտիր։ Տպագրութեան միջոցով գիտութիւնը շատցաւ եւ տարածուեցաւ, նոր միտքեր եղան։ Գիրքը պատկանեցաւ բոլորին եւ զիրար կապեց տարբեր ժողովուրդներ, տարբեր մտայնութիւններ եւ տարբեր մտածելակերպեր։

Տպագրութենէն առաջ կային ձեռագիրներ։ Կարդալ եւ գրել գիտէին միայն վարդապետները։ Ձեռագիրները սուղ էին եւ ամէն գիրքէ մէկ օրինակ կ’ըլլար միայն։ Տպագրութեան գիւտով գիրքերը տպուեցան բազմաթիւ օրինակներով, հետեւաբար աժանցան եւ ժողովուրդի բոլոր խաւերը կարելիութիւն ունեցան գիրք ունենալու։ Բայց կային մարդիկ, որոնք կարդալ եւ գրել չէին գիտեր, հետեւաբար բացուեցան դպրոցներ, ուսուցիչներ պատրաստուեցան, որ կարդալ եւ գրել սորվեցնեն ժողովուրդին, գիտութիւն փոխանցեն, որպէսզի տգիտութիւնը վերանայ։  

Այսպիսով, ժողովուրդը սկսաւ աւելի մտածել, աւելի ստեղծագործել եւ սկսաւ հաւասարութիւն եւ արդարութիւն փնտռել։

10 Մարտ 2026

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *