Ալֆորվիլի Արմէն’Լիվր տօնավաճառի 20-ամեակին առթիւ կազմակերպուած էր աշակերտական հայերէնով ստեղծագործական մրցում, որուն մասնակցեցաւ Դպրոցասէր վարժարանը։ Մի քանի շարքով պիտի տանք աշակերտներուն գործերը։
Ստորեւ՝ 8-րդ դասարանի խմբային պատմութիւնը։
Ծիծեռնակ
Դպրոցասէր վարժարան
8-րդ դասարան
Խմբային ստեղծագործութիւն
Արամին պատմութիւնը
1915-ի ապրիլիան գիշեր էր։ Արեւմտեան Հայաստանի պզտիկ գիւղի մը մէջ աղմուկ ու ճիչ կը լսուէին։ Մարդիկ վախցած կը վազէին, կրակը կը մօտենար։ Խարբերդցի ընտանիք մը՝ հայր, մայր եւ իրենց վեց տարեկան տղան՝ Արամը շտապեցին փախչիլ։ Անոնք առին քանի մը հագուստ եւ մէկ նկար իրենց ընտանիքէն։ Խարբերդի մէջ եղող տղամարդիկը իրենց կիներն ու երեխաները կրցան ձիերուն վրայ դնելով հասցնել մինչեւ Տրապիզոնի նաւահանգիստը։
Աճապարանքով նաւ մը առին, չգիտնալով թէ նաւը ո՞ւր կ’երթայ։ Անոնք հասան Ֆրանսա՝ Մարսել քաղաքը։ Այնտեղէն ալ փոխադրուեցան Փարիզ։ Գտան իրենց յարմար սենեակ մը։ Հոն առաջին անգամ զգացին, որ ապահով են։ Հայրը գործ գտաւ արհեստանոցի մը մէջ, իսկ մայրը կը լուար մարդկանց հագուստները։
Անոնք կ’ուզէին, որ Արամը ուսում առնէ, լաւ ապագայ ունենայ եւ ճանչցուած մէկը ըլլայ։ Բայց դրամը քիչ էր ու չկրցան զինք ղրկել հայկական դպրոց։ Այս պատճառով Արամը սկսաւ երթալ թաղի պետական դպրոցը։
Այս դպրոցին մէջ աշակերտները չէին ուզեր Արամին հետ խաղալ կամ խօսիլ, որովհետեւ լաւ ֆրանսերէն չէր գիտեր։ Դասընկերները կը խնդային իր վրայ եւ մէկ կողմ կը դնէին զինք։ Լաւ չէր զգար։ Ալ չէր դիմանար։ Ուզեց լաւանալ, լաւանալու համար սկսաւ աւելի շատ ֆրանսերէն սորվիլ, որ ընկերներ ունենայ, աւելի ընդունուի եւ սիրուած ըլլայ դասարանին մէջ։ Ուրեմն ինքնաշխատութեան դիմեց։
Կարճ ժամանակ ետք, ջուրի պէս կը խօսէր ֆրանսերէն։ Դպրոցին մէջ ալ ո´չ մէկը կը խնդար վրան։ Արամը դպրոցին ամենէն խելացին եղաւ։ Շատ կը հետաքրքրուէր գրողներով։ Ինքն ալ կ’ուզէր անոնց նման գրել: Ան շարունակեց իր ուսումը եւ նոյն ժամանակ փորձեց գիրքեր գրել։
Արամը մեծցաւ եւ դարձաւ յայտնի գրող։
1945 թուականին Արամը գնաց ապրելու Հայաստան։ Սկսաւ գրականութիւն գրել եւ դարձաւ գրող։ Ան հրատարակեց գիրք մը, եւ յանկարծ գիրքը դարձաւ յայտնի։ Ամբողջ երկիրը խօսեցաւ այդ մասին։ Արամը ցնցուած էր, քանի որ չէր մտածեր, որ ընդամէնը մէկ գիրք հրատարակելով այդքան յայտնի կը դառնար։ Գիրքը գնեց աւելի քան 50,000 մարդ։ Մէկ ամիս ետք ան հրատարակեց երկրորդ գիրքը՝ տեսնելու, թէ արդեօք այդ միւս գիրքին պէս յայտնի կը դառնա՞յ։ Երեք օր անց գիրքը վաճառուեցաւ Հայաստանի ամենամեծ գրախանութներուն մէջ։ Արամը շատ դրամ շահեցաւ։ Ան շարունակեց գիրքեր հրատարակել եւ աւելի ճանչցուեցաւ։ Իր վաստակած գումարով ցեղասպանութենէն փրկուածներուն համար ան շինել տուաւ հոգեբուժարան, մարզարան, մանկապարտէզ, որբանոց եւ դպրոց։
Արամը անշուշտ գնահատուեցաւ եւ պատուի արժանացաւ իր երկրին այդքան նշանակալի ներդրում ունենալուն համար։