
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
92Մելինէ Ցուգունեան
Պիտի ներկայացնեմ իմ մեծ պապուկս՝ Զաքարիա Թաշճեանը։ Ծնած է 1924-ի Օգոստոս ամսուն, Ատըեաման քաղաքը։ Թաշճեան անունը կու գայ «թաշճի» թրքերէն բառէն, որ կը նշանակէ «քարակոփ»։ Պապուկս ունէր երկու եղբայր՝ Յակոբ (ծնած 1928-ին), Նիկողոս (ծնած 1931-ին) եւ մէկ քոյր՝ անունը Մաքրուհի (ծնած 1926-ին)։
1941-ին Զաքարիան կը զինուորագրուի 17 տարեկանին, Հալէպ, Տը Կոլի բանակին մէջ։ Հիւսիսային Ափրիկէի արշաւանքներուն կը մասնակց

Ան ֆրանսական բանակին մէջ հրասայլի վարորդ էր։ Կը մասնակցի Ֆրանսայի ազատագրութեան եւ ամերիկեան բանակին հետ կը մտնէ Փարիզ։ Կը ստանայ առաջին շքանշանները եւ իրեն կ’առաջարկեն ծառայել բանակին մէջ իբր մատակարար, սակայն ան կը մերժէ ընտանիքին հոգատար դառնալու համար իբր անդրանիկ զաւակ։

Երբ կը վերադառնայ Հալէպ, ֆրանսական ընկերութեան մը ընդհանուր տնօրէնին անձնական վարորդը կը դառնայ։ 1951-ին կ’ամուսնանայ Մարի Սարգիսեանին հետ, որ զարմուհին է Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կ’ունենան վեց երեխայ, բայց երկու առաջինները՝ Վահէն եւ Վաչէն երկու օրէն կը մահանան։1953-ի Հոկտեմբերին կը ծնի իրենց միակ աղջիկը՝ Ռոզիկ։ Անոր յաջորդն է իմ մեծ հայրս՝ Վահէն (Փետրուար 1955), ապա Սեպուհը (Մարտ 1956) եւ վերջինը՝ Հրաչը (1960)։
1966-ին կը գաղթեն Ֆրանսա եւ կը հաստատուին Փարիզի արուարձան Մըտօն քաղաքը։ Միայն Հրաչը կ’ապրի Գօթ տ’Ազիւր։
Ես բախտը չունեցայ Զաքարիա պապուկս տեսնելու, քանի որ ան մահացած է Դեկտեմբեր 1995-ին, սակայն շատ տպաւորուեցայ, երբ իր մասին իմացայ, որ Հիւսիսային Ափրիկէի պատերազմի ընթացքին, ան իր վերմակը գերիներուն կուտար, որովհետեւ զիրենք նախ որպէս մարդ կ’ընդունէր, քանի որ իր ընտանիքը ջարդ եւ ցեղասպանութիւն տեսած էր։
Ֆրանսական պետութիւնը պատուած է պապուկս բազմաթիւ շքանշաններով։ Միայն «Պատուոյ շքանշանը» կը պակսէր իրեն։
Ինծի համար հերոս է իմ պապուկս եւ հպարտ եմ իրմով։

Արման Մինասեան
Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն տեղահանուածներ կան նաեւ իմ արմատներուս մէջ։ Մինասեաններու գերդաստանը գաղթած է Մուշ քաղաքէն։ Մէկ մասը տեղափոխուած է Արեւելեան Հայաստան՝ Գիւմրի քաղաքը, մէկ մասը սփռուած է տարբեր երկիրներ, մէկ քանին ալ անհետ կորած են գաղթի ճամբուն վրայ։ Իսկ տատիկիս նախնիները գաղթած են Կարսէն։
Մայրական կողմէն տատիկ եւ պապիկս բնիկ Արեւելահայաստանէն են՝ Օշական գիւղէն։ Իմ մայրիկիս արմատները կը սերին Ամատունինեպու տոհմէն։
Ընտանիքս Ֆրանսա տեղափոխուած է 1988-ին, երկրաշարժէն ետք։
Դաւիթ Յակոբեան
Իմ պապիկիս հայրիկը Ալաշկերտի Ղազի գիւղէն է։ Այնտեղ է ապրեր պապիկիս ընտանիքը եւ անոր եղբայրը։
1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ, պապիկիս հայրիկը իր ընտանիքով փախած է Հայաստան։ Իսկ պապիկիս հայրիկին եղբայրները սպաննած են թուրքերը։ Պապիկիս հայրիկը շատ դժուարութիւններ ունեցած է եւ պատմած է ատոնց մասին։
14 Մայիս 2025
2 Responses
Շատ սիրելի փոքրիկներ ինչ լաւ գրած էիք…: Ուրախութեամբ կարդացի ձեր ընտանիքներուն պատմութիւննռրը. յուզիչ էր այն՝ որ ձեր բոլորին մեծ հայրերը 1915 ի հայոց ցեղասպանութիւն տեսած և շատեր հարազատներ կորսնցուցած են: Դուք անշուշտ չէք մոռնար ձեր մեծ ծնողներու ըն
տանիքներուն պատմութիւնները և երբ մեծնաք՝ յարմար ժամանակին՝ տէր կը կանգնիք արեւմտեան հայաստանի մէջ իրենց կորսնցուցած իրաւունքներուն:
Այո, հարկաւ։ Պատմութիւնը ետեւ նայիլ չէ, ապագան մտածել է։ Այս համոզումով կ’աշխատինք մենք՝ ուսուցիչներս միասնաբար։