
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Օֆելիա Գասպարեան
Փորձաշրջանս կատարեցի դեղատան մը մէջ։ Սորվեցայ դասաւորել դեղերը ըստ իրենց բնօրինակ (princeps) անունին, սկանաւորել զանոնք եւ արձանագրել դեղատան օգտագործած ծրագրին մէջ։ Ամէն առաւօտ եւ իրիկուն կը ստանայինք արկղեր՝ լեցուն դեղերով, որոնք կու գային երկու տարբեր մատակարարներէ։ Առաւօտեան կը ստանայինք արկղերը Cerp-էն, իրիկունը՝ առհասարակ Alliance-էն։
Կային երեք տեսակ արկղեր՝ կանաչ, կարմիր եւ մանիշակագոյն։
Կանաչ արկղերը ընդհանրապէս պահեստը լեցնելու համար էին։ Մէջը կրնային ըլլալ նաեւ «due»-ներ (այսինքն՝ հիւանդներուն համար դեղատոմսով պատուիրուած դեղերու հաւաքածուներ, որոնք առանձին կը պահուէին)։
Կարմիր արկղերը «շտապ» արկղեր էին, որոնք սովորաբար կը պարունակէին «due»-երու մաս կազմող դեղերը։
Մանիշակագոյն արկղերը կը պարունակէին սառը վիճակի մէջ պահուելիք դեղերը։
Յետոյ սորվեցայ արձանագրութիւններ կատարել դեղատան օգտագործած ծրագրով, որուն անունը Leo է։ Այս ծրագիրը կ’օգտագործուի հաշիւ պատրաստելու, մատակարարներու ուղարկած ծանրոցները հաստատելու եւ դեղերը պահեստի մէջ արձանագրելու համար։
Երբ հիւանդները կը մօտենային, իրենց դեղատոմսը կու տային ինծի, եւ ես կը փնտռէի անոնց անունն ու ամսաթիւը, ապա կը տեղադրէի առողջապահական քարտը՝ հիւանդին տուեալները գտնելու համար։

Ես կը փնտռէի նաեւ բժիշկին անունը, ապա կը սկսէի գտնել դեղերը դարակներէն՝ զանոնք սկանաւորելու եւ ստուգելու համար, որ հիւանդին ճիշտ դեղերը տուած ըլլամ։ Հետոյ հիւանդը կը վերցնէր իր դեղերը եւ կը վճարէր։
Այս փորձաշրջանը շատ հետաքրքրական թուեցաւ ինծի։ Բազում բաներ սորվեցայ, օրինակ՝ ինչպէս դասաւորել դեղերը կամ ինչպէս օգտագործել Leo ծրագիրը։
Միակ մէկ բան չհաւնեցայ, այն՝ որ պէտք էր օրական 6 ժամ կանգնած մնայի։ Անընդհատ ոտքերս կը ցաւէին։
Ընդհանուր առմամբ շատ լաւ էր, շատ սիրեցի։
Սարգիս Քէնտիր
Փորձաշրջանիս ընթացքին աշխատեցայ Les Mousquetaires ձեռնարկութեան Big data-ներու վրայ։ Ինծի ծանօթացուցին SQL ծրագրաւորման լեզուին եւ DataCamp գործածութեան։ Ժողովներու մասնակցեցայ եւ նայեցայ թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատէին։
Կը սկսէի ժամը 8-ին եւ գործս կը վերջանար ժամը 17-ին։
Անայիս Կօլ
Փորձաշրջանիս Օրագրութիւնը

Իմ գործնական շրջանս կատարեցի ապահովագրական միջնորդական գրասենեակի մը մէջ։ Այս շրջանին ես շատ բաներ սորվեցայ միջնորդի գործի մասին, ինչպէս նաեւ ապահովագրական ընկերութիւններու (Axa, Apicil, Generali), կառավարման կեդրոններու (Henner) եւ ապահովագրեալներու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու կապին մէջ միջնորդներու դերի մասին։
Երկուշաբթի
Առաջին օրը ես աշխատեցայ կանխատեսութեան (prévoyance) բաժնին մէջ։ Հասկցայ, թէ ինչ է կանխատեսութեան պայմանագիրը եւ սորվեցայ հաշուել այն նպաստները, զորս կը վճարէ հասարակական ապահովագրութիւնը եւ կանխատեսութեան պայմանագիրը։
Երեքշաբթի
Հաշուեցի առողջապահական եւ կանխատեսական ապահովագրութեան նպաստները։
Կանխատեսութեան նպաստները հաշուեցի աշխատավարձի հիման վրայ (TA/TB/TC/TD, որոնք կը դառնան T1 եւ T2)։
Վիճակագրական BI* գործիքին համար առողջական տուեալներու ցանկեր պատրաստեցի։ Սորվեցայ LCB-FT** կանոնակարգը։
*BI (Business Intelligence). ծրագրային գործիք է, որ կը հաւաքէ, կը վերլուծէ եւ կը համեմատէ ընկերութեան կարեւոր տուեալները, որպէսզի աւելի լաւ որոշումներ ընդունուին։
** LCB-FT (Lutte Contre le Blanchiment et le Financement du Terrorisme). Ֆրանսայի օրէնսդրական համակարգն է, որ կը պայքարի դրամական լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ։
Չորեքշաբթի
LCB-FT հսկողութեան համար արձանագրեցի տուեալներ. ընկերութեան Kbis, ղեկավարման անձանց ինքնութիւններ եւ այլ փաստաթուղթեր։
Ծանօթացայ BI ծրագրին, դիտեցի թէ ինչպէս կը կազմուին վիճակագրական տուեալները։
Հինգշաբթի
Պատրաստեցի ժողովրդագրական ուսումնասիրութիւն (ընտանիքի կազմի վերաբերեալ) յաճախորդին ապահովագրական վճարներու կառուցուածքը բարելաւելու համար։ Օգտագործեցի խաչուած աղիւսակ (tableau croisé dynamique) տուեալները համադրելու եւ խմբաւորելու համար։

Ուրբաթ
Պատրաստեցի compte de résultat (վիճակագրական տուեալներ)։
Ապրիլ 2025