Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Նորվան Սարգիսեան
Տէր Բագրատ
Մայրիկիս եւ մեծ հայրիկիս հետ մեր յաճախակի ճամբորդութիւնները երբ կը կատարէինք Հայաստանի պատմական եւ սահմանային վայրերը, Վայոց Ձորի Եղեգնաձոր քաղաքը մեզ ողջունեց Տէր Հայր մը, Տէր Բագրատ անունով։ Բարձրահասակ, երկար մօրուքով Տէր Հայր մըն էր ան, հայրենասէր քահանայ մը, որ ամբողջ տարին կ’ապրի այնտեղ:
Տէր Հայրը սիրալիր կերպով բացատրեց մեզի Քրիստոսի խաչի բեկորի պատմութիւնը, մասունքը, որու շնորհիւ յայտնի դարձած էր հեռաւոր այս Սուրբ Խաչ վանքը: Տէր Հայրը շատ ուրախ էր ինձմով, քանի որ կը թարգմանէի հայերէնը ֆրանսերէնի եւ հակառակը:
Հայրենասէր քահանան խնդրեց, որ զինք տանինք Սիւնիքի Ղափան քաղաքը, որ օրհնէ զինուորները եւ սահմանապահները, յետոյ զինք ետ բերենք Եղեգնաձոր: Երկար ճամբայ էր, մօտաւորապէս երեք հարիւր քիլոմեթր: Այդպէս ալ եղաւ։ Գացինք եւ Տէր Բագրատը օրհնեց երիտասարդ զինուորները, ես ալ թարգմանիչի պարտականութիւնս կատարեցի:
Յետոյ վերադարձանք Սուրբ խաչ եկեղեցի։ Բաժնուելու ժամանակ Տէր Բագրատը ինծի նուիրեց այս գիրքը՝ «Ռանչպարների կանչը», այսպէս մակագրուած. «Նորվան, այս գիրքը քեզ նվեր եմ տալիս եւ օրհնում եմ քեզ»։
Հայրենասէր Տէր Հօր նուէրը խնամքով պիտի պահեմ: Այս դէպքին յիշատակը անմոռանալի պիտի մնայ սրտիս մէջ։
11 Մայիս 2024
Սիլվա Պաղտասարեան
Գորգ
Սիլվային մեծ ծնողները այս երկու գորգերը գներ էին Դիլիջանի շուկայէն։ Շրջանակուած եւ ապակիի տակ դրուած, Սիլվային համար այս երկու գորգերը կարեւոր գլուխգործոց են։ Նախշերը, ձեւերու եւ գոյներու խաղը Սիլվային կը յիշեցնեն Հայաստանը։ Այս գորգերուն կարմիր գոյնը կը յիշեցնէ նուռը՝ երկրին խորհրդանշական միրգը։ Սրճագոյն մասերը կը յիշեցնեն շոքոլաները, որ Սիլվան գներ էր Երեւանի «Grand Candi» խանութէն։ Հիւսուածքները կը յիշեցնեն Հայկական խաչերը։ Սիլվային համար, ամէն մէկ գորգը քարտէս մըն է, որու վրայ հայրենիքին յիշատակը փորագրուած է։
2 Մայիս 2024