Գայանէ Ֆորէլ
Մատանի
Առաջին յիշատակս այս մատանին է
Այս մատանին մեծ մամայիս մամային կը պատկանէր։ Ցեղասպանութեան ատեն՝ 1915-ին իր ամուսինը գտեր է այս մատանին եւ պահեր է։
Երբ ան մեծ մեծ մամայիս հանդիպեր է, շատ սիրեր է։ Ամուսնացեր են եւ մատանին անոր նուիրեր է։
Երբ իմ մեծ մեծ մամաս մահացաւ, իմ մեծ մամաս ինծի տուաւ մատանին։ Մինչեւ հիմա չեմ հաներ մատէս։
Երկրորդ մատանին մեծ մամաս Հայաստանէն գնած է։ Օր մը, հետն էի, ինծի տուաւ։ Միայն մէկ մատանի չունի, այլ նոյն մատանիէն երեք հատ ունի։ Ինծի ըսաւ, որ շատ կը սիրէ այս մատանիները եւ մեզ ալ շատ կը սիրէ։ Ուրեմն, առաջինը ինծի տուաւ, երկրորդը՝ քրոջս տուաւ, իսկ երրորդը դեռ կը սպասէ, որովհետեւ զարմուհիս շատ պզտիկ է տակաւին։
Այս մատանին ինծի տուած օրէն մինչեւ այսօր մատս է։
14 Մայիս 2024
Նարեկ Պերպեր
Գիրքը
Մայրս՝ Մարիամը այս գիրքը ստացաւ երբ պզտիկ աղջիկ էր։ Ան Գերմանիայէն տեղափոխուեցաւ Ֆրանսա։
Ստացաւ այս գիրքը որպէսզի սորվի հայերէն կարդալ եւ գրել։
Այսօր, Մարիամին համար շատ կարեւոր է իր զաւակներուն փոխանցնել հայերէն լեզուն։
21 Ապրիլ 2024