ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Վարդան Մամիկոնեանին կերպարը արուեստի մէջ. մաս Ա.

Լիւքա Եարանուշ եւ Էրիկ Յակոբեան, Օֆելիա Գասպարեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Ղարաբաղցի տղուն պատկերը

Կարապետ Եզեանը գրականագէտ եւ պատմաբան Է։ Ծնած է 1835-ին, Մոսկուա եւ մահացած է 1905-ին, Ս. Փեթերսպուրկ։ Ան կը փափաքէր Հայոց պատմութեան հերոսներու պատկերները գծել եւ անոնց անունը տարածել ժողովուրդին մէջ։

Օր մը, Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքը, հայկական եկեղեցի կ’այցելէ եւ կը տեսնէ ղարաբաղցի տղայ մը, որ իր երազած Վարդան Մամիկոնեանի դէմքը ունէր: Զայն կը տանի նկարիչ Ստեփանոս Ներսիսեանին* քով, որ անոր կը հագցնէ նախկին հայ զինուորի տարազ, ուսին կը դնէ թիկնոց, գլխուն՝ սաղավարտ եւ կը նկարէ զայն իբրեւ Վարդան Մամիկոնեան։ Այսպիսով, այդ երիտասարդ տղուն դիմագիծը Վարդան Մամիկոնեանին պատկերը կ’ըլլայ։

Անոր դէմքը կը նուիրագործուի։ Այսուհետեւ Վարդան Մամիկոնեանը ներկայացուելու համար կը գործածուի ղարաբաղցիին պատկերը։

 

*Ստեփանոս Ներսիսեան, հայ նկարիչ, ծնած է Երեւան 1807-ին եւ մահացած է Թիֆլիս 1884-ին։

Անայիս Կոլ, Լիլիա Պօղոսով, Էրիկ Մինասեան, Գրիգոր Մելքոնեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Գրիգոր Խանճեանի կտաւը

1981 թուականին, Երեւանի մէջ, գեղանկարիչ Գրիգոր Խանճեան* մեծ կտաւի վրայ նկարեց Աւարայրի ճակատանարտի հերոս Վարդան Մամիկոնեանի սուրբ դառնալը։ Կտաւին վրայ կրնանք տեսնել նաեւ հայ մտաւորականներու եւ գրողներու դիմանկարներ՝ Պարոյր Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Ղեւոնդ Երէցի, Զօրավար Անդրանիկի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Եղիշէ Չարենցի, Կոմիտասի, իր՝ Գրիգոր Խանճեանի եւ ուրիշներու, որոնց պայքարին շնորհիւ կերտուած ու պահպանուած է հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը։

 

* Գրիգոր Խանճեան, նկարիչ, ծնած է 29 Նոյեմբեր1926-ին, Երեւան ու մահացած է 19 Ապրիլ  2000-ին։ 

14 Մայիս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *