ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ռամսէս Բ. եւ փարաւոններու ոսկին. ցուցահանդէս. մաս Ա.

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Դասարանային այցելութիւն

Ռաֆֆի Գարա

Չորեքշաբթի Ապրիլ 19-ին, 6-րդ դասարանի իմ ընկերներուս եւ ուսուցիչներու հետ մենք գացինք Փարիզի Լա Վիլէթ ցուցասրահը տեսնելու «Ռամսէս Բ. եւ փարաւոններու ոսկին» ցուցահանդէսը։

Դպրոցէն դուրս ելանք հանրակառքով առաւօտեան ժամը 9-ին եւ հոն հասանք 9:30-ին: Շատ  հետաքրքրական էր, տեսանք Ռամսէս Բ.ի եւ այլ փարաւոններու արձանները, դամբաններ, դիմակներ, կենդանիներու զմռսուած մարմիններ (մոմիա), ոսկի, Քատեշի ճակատամարտի տեսանիւթեր, սփինքսներ, պապիրուսներ, վզնոցներ, ծաղկամաններ եւ այլն։ Ինծի համար ամենահետաքրքրականը մանրակերտերն էին:

Ցուցահանդէսէն ետք, յուշանուէրներու խանութ մը մտանք։ Ես գնեցի պապիրուս, որ շատ գեղեցիկ գտայ, այն պատրաստուած էր իսկական պապիրուս բոյսով։
Ժամը 13-ին ճաշեցինք, որու ընթացքին ընկերներով մեր ունեցածը կիսեցինք։ Յետոյ հանրակառքը եկաւ մեզ դպրոց տանելու։

Ես շատ սիրեցի այս ցուցահանդէսը, որովհետեւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացանք։


Ալեք Տէկիրմենթաս

Շատ սիրեցի Ռամսէս Բ.ի ցուցահանդէսը, քանի որ շատ արձաններ կային. օրինակ՝ կաւէ եւ ոսկիէ Ռամսէս Բ.ի եւ Նեֆերթարիին արձանները։ Արձաններու եւ պապիրուսներու վրայ կային նաեւ հիերոկլիֆ արձանագրութիւններ, զմռսուած կենդանիներ՝ առիւծի ձագի, կատուի, կոկորդիլոսի։ Կային 30 տեսանիւթեր Ռամսէս Բ.ի կեանքին, Քատէշի ճակատամարտի մասին (հիթիթներու դէմ), ինչպէս նաեւ Ռամսէսի զմռսուած մարմնի դէպի Փարիզ ճամբորդութեան մասին։

Տեսայ յուշարձաններ, օրինակ՝ օպելիսկ մը, սփինքս մը, դագաղներ, կաւի, պապիրուսի եւ ոսկիէ թուղթերու վրայ Ռամսէս Բ.ի պատկերները, երբ կը հարուածէ թշնամիներուն։ Կար մանրակերտը Ռամսէս Բ.ի տաճարին։ 

Յետոյ գացի ցուցասրահի խանութը, գնեցի բուրգ մը, պապիրուս եւ պապիրուսէ երկու էջանիշ։ Ատկէ ետք, ընկերներով ճաշեցինք մուտքի շատրուանին մօտ։


Սոֆի Գրեգորով

19 Ապրիլին մենք գացինք տեսնելու ցուցահանդէս մը, որուն անունն է «Ռամսէս եւ փարաւոններու ոսկին»։ Ցուցահանդէսը կը գտնուէր Լա Վիլէթի սրահներուն մէջ։

Մենք տեսանք շատ բաներ. արձաններ, զմռսուած կենդանիներ, զարդեր։

Ես ամենէն շատ սիրեցի վերջին սենեակը, ուր մենք կրնայինք պաստառի վրայ վերակենդանացած տեսնել Ռամսէսը, երիտասարդ եւ ծեր տարիքներուն։ Հասկցայ որ ան թագաւորեր է 66 տարի։

Ինծի դուր չեկան կենդանիներու մարմինները, որովհետեւ իսկական կենդանիներ էին։ 


Ցոլին Ճինկօզ

19 Ապրիլին դասարանով գացինք Ռամսէսի ցուցահանդէսին։ Հոն շատ բան տեսանք։ Հիանալի էր. կային մոմիաներ, զարդեր, դամբաններ, քանդակներ եւ կարճ տեսանիւթեր, որոնք կը պատմէին Եգիպտոսի պատմութիւնը։ 

Մեր դասարանը չորս խումբի բաժնուեցաւ, որպէսզի դիւրին ըլլայ մեր այցելութիւնը։ Վերջաւորութեան, յուշանուէրներու խանութ մտանք յիշատակներ գնելու։

Շատ լաւ օր մը անցուցինք դասարանի ընկերներով։ Ճաշեցինք եւ դպրոց վերադարձանք։

Մայիս-Յունիս 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան