Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
Յովհաննէս Թումանեանի այս պատմուածքը առաջին անգամ տպագրուած է 1907-ին՝ Թիֆլիս, Հասկեր մանկական ամսագրին մէջ, իսկ իբրեւ գիրք՝ 1909-ին։ Հետագային վերահրատարակուած է բազմաթիւ անգամներ։ Ֆիլմի վերածուած է երկու անգամ՝ 1934-ին եւ 1982-ին։
Դիտելու համար՝ https://youtu.be/rC3kLbjwzWU
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Աշակերտները կը գրեն
Հաւաքական տեղեկութիւններ.
Գիրքին վերնագիրն է «Գիքորը»։ Հեղինակին անունն է Յովհաննէս Թումանեան։ Լոյս տեսած է 1970-ին, Փարիզ, Էրեբունի հրատարակչատունէն։ Արեւմտահայերէնով վերապատմած է Արթօ Ճիւնպիւշեան (Զարեհ Խրախունի)։ Նկարազարդած է Գ. Խանճեան։ Ունի 32 էջ։
Յովհաննէս Թումանեան հայ բանաստեղծ է, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ։ Ծնած է 19 Փետրուար 1869-ին Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը։ Մահացած է 23 Մարտ 1923-ին, Մոսկուա։ Կնոջ անունն է Օլգա, ունեցած են 10 զաւակ։
Ալեք Տեկիրմէնթաշ
Նիւթը աղքատ գիւղացի տղու մը պատմութիւնն է։ Յուզիչ է պատմութիւնը։ Կերպարներն են. Գիքոր, Համբօ (հայրը), մայրը, Զանի (քոյրիկը), Մօսի, Միկիչ, Գալօ (պզտիկ եղբայրը), պէզազ Արտէմ, տիկին Նատօ, Հանի (պէզազին մայրը), Վասօ (պէզազին աշկերտը)։
Այս գիրքը քիչ մը սիրեցի, բայց տխուր պատմութիւն է, որովհետեւ կը պատմէ պզտիկ տղու մը մասին, որուն հայրը կ’ուզէ, որ ան բաներ մը սորվի իր կեանքին մէջ, բայց ամէն մարդու, որ կը ծանօթանայ, կա´մ գէշ կը վարուին հետը, կա´մ ոտքով կը զարնեն եւ կ’ապտակեն եւ տխուր ձեւով կը մեռնի պաղէն։
Ցոլին Ճինկօզ
Գիքորը պզտիկ մանչ մըն է։ Իր պապան կ’ուզէր, որ Գիքորը երթայ քաղաք, աշխատի։ Ան կ’աշխատէր գերիի նման։ Մարդիկ, որոնց համար կ’աշխատէր իրեն չէին տար ո´չ բաւական ճաշ եւ ո´չ ալ ուշադրութիւն։
Գիքոր կը մահանայ սնունդի պակասէն եւ պաղէն։
Նարինէ Ապելեան
Նիւթը պզտիկ տղայ մըն է՝ Գիքոր, որուն հայրը զինք կը տանի գիւղէն քաղաք, որովհետեւ կը կարծէ, որ Գիքոր հոն շատ բան պիտի սորվի, պիտի աշխատի եւ լաւ մարդ պիտի դառնայ, որ իր ընտանիքին օգնէ։
Բայց ցաւօք սրտի, Գիքորը կը մահանայ, քանի որ քաղաքի այն մարդիկը, որոնց ան կը ծառայէր, իրեն հետ վատ ձեւով կը վարուէին, բաւարար հաց եւ ջուր չէին տար։ Ան կը հիւանդանայ ու կը մահանայ։
Լենա Թէլֆէեան
Այս գիրքը սիրեցի, որովհետեւ Գիքորը քաջ տղայ մըն է։ Կերպարներն են. Գիքոր, Համբօ, Գալօ, Զանի, պէզազ Արտէմ, տիկին Նատօ, պէզազի մայրը, Վասօ։
Օլիվիա Պէնլիօկլու
Գիրքին նիւթը.
Գիքորի հայրը զինք գիւղէն քաղաք կը տանի, որ աշխատի եւ դրամ շահի։ Բայց Գիքոր կը մահանայ, որովհետեւ քաղաքի այն ընտանիքը, որուն կը ծառայէր Գիքոր, իրեն բաւական հաց եւ ջուր չէին տար։
Հիւկօ Գարասօ
Գիրքին նիւթը. պզտիկ տղայ մըն է Գիքոր, աղքատ գիւղացի։ Իր պապան կ’ուզէր, որ Գիքոր դրամ շահի։
Ալեքս Քէշիշեան
Նիւթ. պզտիկ տղայ մըն է։ Հայրը զինք կը տանի քաղաք որպէս ծառայ հարուստի մը քով, որ մարդ դառնայ։
11-24 Մայիս 2023