Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
Օդի ապականութիւն
Լիլիա Պօկոսով
Երկրագունդի կարեւոր հարստութիւններէն մէկն է օդը։
Օդի ապականութեան երկու պատճառ կայ.
Առաջին պատճառը ունի բնական ծագում։ Երկրորդին պատճառը մարդկային գործունէութիւնն է։
Բնական պատճառներն են հրաբուխները, աւազի մառախուղը, ծաղիկներու փոշին (բեղմնափոշին) եւ անտառային աղէտները։
Մարդկային գործունէութիւններու ստեղծած ապականութեան պատճառներն են մեքենայի ծուխը, գործարաններու ծուխը։ Այս օդը շնչելով մարդիկ կրնան հիւանդանալ։
Հայկ Աճամեան
Տարիներէ ի վեր օդը կ’ապականի մեքենաներու պատճառով։
Օդին մէջ կը թափուի վատ նիւթ մը՝ ածխաթթու (CO₂), որ կը պատկանի ջերմոցային կազերու ընտանիքին։ Ջերմոցային կազերը կուգան մեքենաներու եւ գործարաններու ծուխերէն, որոնք կը բարձրանան մթնոլորտին մէջ եւ կը մնան հոն։ Չէ՞ որ արեւու ճառագայթները երկրագունդ հասնելով կը տաքցնեն զայն, այդ ծուխերը կը բարձրացնեն տաքութեան աստիճանը, ուրեմն օդը աւելի կը տաքնայ եւ սառոյցները կը հալին։ Տեղի կ’ունենայ կլիմայական փոփոխութիւն։
Ածխաթթուն վատ կազ մըն է, որովհետեւ երկրագունդը կը տաքցնէ։
Այն կենդանիները, որոնք ցուրտ կլիմայի վարժուած են, պիտի մեռնին, քանի որ ջերմութեան աստիճանը կը բարձրանայ։
Մարդուն համար ալ լաւ չէ։ Այդ պատճառով կրնանք մեռնիլ։ Անշուշտ բոյսերն ալ։
Լիւքա Եարանուշ
Այս գրութեան մէջ ես պիտի խօսիմ օդի ապականութեան մասին։ Ամենէն առաջ պիտի բացատրեմ օդի ապականութեան իմաստը։
Օդի ապականութիւնը այն է, երբ օդի որակը կը վատանայ մարդու պատճառով եւ մեր առողջութիւնն ալ կը վատանայ օրէ օր։
Ինչո՞ւ պէտք է պաշտպանենք օդը
Պէտք է պաշտպանենք, որովհետեւ եթէ չպաշտպանենք, հիւանդութիւնները պիտի շատնան եւ մեր կեանքը պիտի կարճնայ։ Շուտով պէտք է ճարը գտնենք, որպէսզի ուշ չըլլայ։
Ես ի՞նչ պէտք է ընեմ եւ ի՞նչ պէտք չէ ընեմ
1. Պէտք է աւելի քիչ գործածեմ ինքնաշարժ եւ աւելի շատ՝ հեծանիւ։
2. Ձմեռը ջերուցիչը 19 աստիճանի պիտի իջեցնեմ։
3. Աղբ պիտի չթափեմ գետին, որովհետեւ աղբահաւաքները գետնէն կը ժողվեն եւ կը վառեն բոլորը միասին։ Ատոր համար աղբերը ըստ տեսակի պիտի զատեմ եւ տարբեր աղբամաններու մէջ նետեմ. օրինակ՝ կապոյտ աղբամանի մէջ՝ թուղթը, կանաչ աղբամանի մէջ՝ ապակին, դեղինի մէջ՝ ապրանքներու ծրարները, մոխրագոյնի մէջ՝ տնային աղբը, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք վերամշակել։
Օֆելիա Գասպարեան
Օդի ապականութիւնը նուազեցնելու համար կրնանք ծառեր տնկել, շատ բոյս աճեցնել, որ շրջապատին մէջ թթուածինը աւելնայ։ Ծառերը չկտրել։
Կրնանք աւելի քիչ գործածել վառելանիւթով աշխատող ինքնաշարժներ, փոխարէնը՝ գործածել հոսանքով աշխատող ինքնաշարժ։ Իսկ կարճ ճամբու համար նախընտրենք հեծանիւը։
Մայիս 2023