ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

AVANT QUE ÇA ARRIVE – ՆԱԽՔԱՆ ՈՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱՅ

Սահմանային Հայաստանի նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի խորագիր է այս։ Տեղի ունեցաւ 8-էն 31 Դեկտեմբեր 2022-ին, Փարիզի 4-րդ թաղամասի Wilde ցուցասրահին մէջ։ Լուսանկարները կը պատկանին հայր ու դուստր Լիտիա եւ Ռոժէ Գասպարեաններու։ Ծրագրին իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Լիտիայի զաւակը, Դպրոցասէրի սան Նորվան Սարգիսեան։ Ստորեւ տղեկին յօդուածը։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Նորվան Սարգիսեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Լուսանկար՝ Նորվան Սարգիսեանի

Մամայիս տուած ցուցահանդէսին ես ալ մասնակցեցայ։ Իմ նկարած երկու լուսանկարներս ալ ցուցադրուեցան։

Լուսանկար՝ Նորվան Սարգիսեանի

Ցուցահանդէսը արդիւնքն է դէպի Հայաստան մեր կատարած վերջին տարիներու այցելութիւններուն։ Նպատակն էր լուսանկարել Ատրպէյճանի հետ Սիւնիքի շրջանին սահմանը, հանդիպիլ ինքնապաշտպանութեան հայ զինուորներուն։

Ցուցադրուած են իմ լուսանկարած հայ զինուորի եւ Ստեփանակերտի հարսանիքի նկարները։

Կայ նկարը Շուռնուխ գիւղէն հայ գիւղացի ընտանիքի մը, որ քանի մը օրէն իր տունը պիտի յանձնէ Ատրպէյճանցիներուն։

Մայրս եւ մեծ հայրս նկարած են բազմաթիւ եկեղեցիներ, խաչքարեր, ժողովուրդին տխրութիւնն ու դժգոհութիւնը։

Մօրս նպատակն է Հայաստանի եկեղեցիներուն, խաչքարերուն գոյութիւնը փաստել Ատրպէյճանի կողմէ անոնց ոչնչացուելէն առաջ, պահել անոնց իրական տեսքը, անոնց ճշմարտութիւնը։ 

8 Փետրուար 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան