Նարինէ Ապելեան
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան
ՎԱՀԱԳՆ
Պատմութիւնը կ’ըսէ, որ Վահագն ծնած է տիէզերքի՝ երկինքի, երկրի ու ծովերու ցաւերէն։ Ունէր շատ սիրուն մազեր ու արեւի պէս վառուող աչքեր։ Վահագն ըլլալով քաջ որսորդ, կռիւ ընելով չար վիշապներու դէմ, ազատած է տիեզերքը կործանումէ, այդ պատճառով զինք կոչած են ՙՎիշապաքաղ՚։
Պատմութեան մէջ Վահագն եղած է քաջութեան եւ յաղթանակի շատ սիրելի աստուածը։ Ամէն ամսու 27-րդ օրը Վահագնի տօնն Է։ Գիտեմ նաեւ, որ Վահագնի կինը Աստղիկ դիցուհին էր։ Շատ պատմութիւններ կան Վահագնի մասին, բայց Վահագնի ծնունդը աւելի աղէկ կը պատմէ Մովսէս Խորենացին իր ՙՎահագնի ծնունդը՚ երգին մէջ։
Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
երկնէր և ծովն ծիրանի,
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղեգնիկ։
Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր,
Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր,
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ։
Նա հուր հեր ունէր,
Բոց ունէր մօրուս,
Եւ աչկունքն Էին արեգակունք։
Խաղ
Յարմար գիրերով լրացուր ցանկը, ունենալու համար մեր պատմութեան համապատասխան բառեր.
Վ – հ – – ն
Վ – – – պ – ք – ղ
Ծ – –
Ե – – – ր
Ե – – – – – կ
Ք – ջ
Ա – – – – կ
Տ – – – – – ք
Վ – – – պ
Մ – – – – ս Խ – – – – – – ի
Ծ – – խ
Ծ – – – – ի
11 Նոյեմբեր 2022