Դպրոցասէր վարժարան,
6-րդ դասարան
ԱՍՏՂԻԿ ԱՍՏՈՒԱԾՈՒՀԻ
Օլիվիա Պէնլիօկլու
Հեթանոսական Հայաստանի մէջ Աստղիկը Արամազդի դուստրն է եւ Վահագնի կինը։ Անոր տաճարը հայերը կոչած են ՙՎահագնի սենեակ՚։ Կը գտնուէր Աշտիշատի մէջ։
Աստղիկը գեղեցիկ աստուածուհի էր եւ բոլոր մարդիկ կը ճանչնային զինք։ Անոնք գիտէին, որ գիշերները Արածանի գետի սրբազան ջուրերու մէջ լողալու կ’երթար Աստղիկը։ Հմայուած անոր պատմութիւններով, երիտասարդները կրակ կը վառէին ժայռերու վրայ, որպէսզի դիտեն զայն։ Բայց Աստղիկ աստուածուհին մշուշի վարագոյր կ’իջեցնէր անոնց հետաքրքրասէր աչքերուն առջեւ, որ իր գեղեցկութիւնը չտեսնեն։
11 Նոյեմբեր 2022
Գայանէ Ջումայեան
Աստղիկ աստուածուհին եղած է Վահագնի նշանածը։ Ան կը համարուի Նոյի դուստրը եւ Նանէ աստուածուհիի քոյրը։ Շատ սիրուած էր հայերուն կողմէ։ Եղած է երկնային լոյսի, ջուրի, սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի։ Իր անունը կը նշանակէ ՙաստղ՚։ Անոր պատուին կը տօնենք Վարդավառը։
Խաղ
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանելով լրացուր տուփիկները.
1. Ի՞նչ է գեղեցկութեան եւ սիրոյ հայոց
աստուածուհիին անունը։
2. Ո՞վ է անոր նշանածը։
3. Ի՞նչ կը նշանակէ անոր անունը։
4. Ո՞վ է անոր հայրը։
5. Ո՞վ է անոր քոյրը։
6. Ո՞ր տօնը նուիրուած էր անոր։
16 Նոյեմբեր 2022
Լուսիկ Եաքար
Աստղիկ կը նշանակէ աստղ։ Կը համարուի ջուրի, սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի։ Վարդավառը Աստղիկին նուիրուած տօն է։ Հայաստանի մէջ կը նշուի Զատիկէն 14 շաբաթ ետք։
Խաղ
Հետեւեալ բառերը կազմող գիրերը գտիր տուփիկներու մէջ.
մայր – անահիտ – աստղիկ – նշանակել – աստուած – հայաստան – զատիկ
1 Դեկտեմբեր 2022