Անցեալ Հոկտեմբերին, փարիզեան շրջան՝ Տրանսի քաղաքի Հրէական ցեղասպանութեան թանգարան-վաւերագրական կեդրոնին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս։ Զայն պատրաստած էին պատմաբաններ՝ Քլէր Մուրատեան, Ռէմոն Գէորգեան եւ Իվ Թերնոն։ Մեր աշակերտները կեդրոն այցելեցին ամսուն 12-ին եւ վայելեցին տիկին Քլէր Մուրատեանի շռայլ մեկնաբանութիւնները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒՐԻՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՐԻԱ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ
Դասարանով գացինք թանգարան մը, որ մեր մեծ հայրերու պատմութիւնը կը պատմէր։
Երբ հասանք մեր թուղթերով եւ գրիչներով, մեր պատմութիւնը երեք մասով պատմեցին.
– Պատրաստութիւն
– Ջարդ
– Վերապրում
«Պատրաստութիւն» բաժինով պատմաբան Քլէր Մուրատեան պատմեց, թէ ինչ եղաւ ցեղասպանութենէն առաջ, երբ որ Երիտ-թուրքերը Թալաաթ փաշայի ղեկավարութեամբ ուզեցին բնաջնջել օսմանեան հայերը։ Տեսանք նկարներ եւ թերթեր, որոնք կը պատմէին, թէ ցեղասպանութենէն առաջ արդէն սկսած էին հայերը հալածել։
Երկրորդ մասը՝ «ջարդ», աւելի դժուար էր լսելը։ Տիկին Մուրատեան պատմեց սպանութիւններու մասին։ Այսքան ընտանիք կորսուած, այսքան մարդ սպաննուած … որբ երեխաներու տխրութիւնը … շատ ահաւոր էր լսելը եւ նկարներով տեսնելը աւելի վատ էր։
Վերջին մասով՝ «վերապրում», պատմեց թէ մէկ միլիոն ու կէս մարդ մեռաւ. արդէն գիտէի թիւը, բայց դեռ վախցայ։ Սարսափելի է։ Նաեւ պատմեց, թէ բազմաթիւ դպրոցներ կային որբերուն համար, ինչպէս Դպրոցասէրը։
Շատ տխուր, բայց կարեւոր էր իմանալ այս բոլորը, որովհետեւ պէտք չէ, երբեք, կրկնուին այս ահաւորութիւնները։
7 Յունիս 2022
ԴԱՆԻԷԼ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Դասարանով գացինք Հայոց ցեղասպանութեան ցուցահանդէս, որ կը ներկայացուէր Տրանսի քաղաքի Mémorial de la Shoah-ի ցուցասրահներուն մէջ։ Պահակները ողջունեցին մեզ։ Մենք մեր իրերը դրինք հանդերձարան։ Տիկին Քլէր Մուրատեան եկաւ մեզի աւելի լաւ բացատրելու ցուցահանդէսը։ Տեսայ, որ թեքսթը շատ է, կարդացի ու հասկցայ, շնորհակալ եմ տիկնոջ բացատրութեան համար։
Ան կը պատմէր, թէ ինչպէս կը խոշտանգէին եւ կը նուաստացնէին կիները, երեխաները եւ տղամարդիկ։ Ոմանք ստիպուած են եղեր լքելու իրենց ընկերները ողջ մնալու համար։ Սպաննուեր է 1,5 միլիոն հայ։ Այդ ժամանակ զգացումներէս խեղդուեցայ, տխրութիւնս, զայրոյթս սարսափելի էին։
Կը լսուէր ֆոնային մեղմ երաժշտութիւն մեզ հանգստացնելու համար: Յետոյ աւարտեցինք ցուցահանդէսը, հարստացանք, շատ բան սորվեցանք։
Քանի ես շատ մօտ եմ իմ ընտանիքիս, գոհ մնացի տեղեկանալով անոր անցեալի կեանքին մասին։
2 Յունիս 2022
ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՈՒԼԵԱՆ
Դասընկերներուս ու ուսուցիչներուս հետ հանրակառք նստեցայ երթալու համար Տրանսի քաղաքը գտնուող Շոայի յուշահամալիրը:
Մեզ շատ ջերմ դիմաւորեցին կազմակերպիչները։ Մեզ տարին հանդերձարան։ Ես հանեցի վերարկուս եւ ամէն բան ձգելով այնտեղ, հետս վերցուցի միայն թուղթ ու մատիտ, որպէսզի գրառումներ ընեմ։ Երբ որ հանդերձարանէն դուրս եկանք, պատմաբան տիկին Քլեր Մուրատեան մօտեցաւ մեզի բացատրելու ցուցահանդէսը։
Ես անչափ հետաքրքրուած էի ցուցադրուածով: Այս ցուցահանդէսը նուիրուած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութեան։ Ես շատ ուշադիր կը լսէի, թէեւ գիտեմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
Տիկին Մուրատեան մեզ տարաւ սենեակ մը, ուր կային սարսափելի լուսանկարներով պաստառներ, որոնց վրայ կային հայերու կողմէ գրուած նկարագրութիւններ, թէ ինչպէս են տեղի ունեցեր այդ սարսափելի դէպքերը:
Բայց ուշադրութիւնս գրաւած առաջին բանը, ասեղնագործութիւնն էր, դպրոցական գիրքերը, նաեւ եկեղեցական առարկաները։ Ես հասկցայ, որ այդ առարկաները Օսմանեան հայերու հետքերն են։ Ատոնք կոտրեցին իմ սիրտս: Ես պաստառներուն վրայ տեսայ ցեղասպանութեան մի քանի տեսարան։ Ուղղակի սարսափելի էր։ Ես տխուր էի տեսնելով, թէ ինչպէս կը տառապէին երեխաները, ինչպէս կը խլէին զանոնք իրենց մայրերէն։ Արցունքներս հոսեցան։ Փոքր երեխաներուն, կանանց, տղամարդկանց եւ ծերերուն կը տեղափոխէին անապատներ, ուր կը կոտորուէին։
Թուրք Օսմանցիները ամէն փորձ կ’ընէին, որ հայերը վերանան, կամ մոռնան իրենց պատմութիւնը եւ ծագումը։ Այլեւս չէի զգար իմ մարմինս, ես սառեր էի: Իսկապէս դաժան է: Ես տեսայ ցեղասպանութիւն ապրած ծեր կնոջ մը վկայութիւնը։ Այս ամբողջ տառապանքը շատ ցաւցուց սիրտս։
Այս ցուցահանդէսն ինծի շատ բան սորվեցուց: Չափազանց ազդուած դուրս եկայ սենեակէն։ Անարդար կը համարեմ անհասկնալի պատճառով այդքան տուժել։
4 Յունիս 2022