ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՄԱՐՁԱ՞Կ, ԹԷ ԱՄՉԿՈՏ

Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան

 Էդուարդ Խաչատրեան

Ես ամչկոտ եմ։ Շատ համարձակ ըլլալը վտանգաւոր է, որովհետեւ  ամէն պահու  կրնանք մեր բերնէն փչել ինչ որ կը մտածենք եւ կրնանք վիրաւորել ուրիշները։  Բայց վատը այն է, որ ամչկոտութեան պատճառով ալ չենք պատասխաներ նոյնիսկ եթէ ունինք ճիշդ պատասխան եւ մարդոց հետ քննարկում ալ չենք կրնար կատարել։

Նարեկ Ասճիօկլու

Ես ամչկոտ եմ մեծ մարդոց հետ, բայց համարձակ եմ երեխաներու հետ։
Կը սիրեմ ամչկոտութիւնս, որովհետեւ լաւ ենք ինչպէս որ ենք։

Ազատ Մաճարեան

Ես քիչ մը ամչկոտ եմ, որովհետեւ չեմ սիրեր խօսիլ մարդոց հետ, որոնց չեմ ճանչնար, բայց երբ ճանչնամ, ամչկոտ չեմ ըլլար։

Ժուլիանա Աւագեան

Ես ամչկոտ եմ, հանգստօրէն չեմ կրնար հաղորդակցիլ ինձմէ մեծերու կամ փոքրերու հետ։ Ես ամչկոտ եմ, որովհետեւ մինակ կը մեծնամ, չունիմ քոյր եւ եղբայր որ ըլլայի ազատ եւ անկաշկանդ։ Ամչկոտ եմ եւ ատիկա կու գայ մայրական դաստիարակութենէն։ Ես ինքզինքս կը ճանչնամ․ պէտք է ըլլալ ազատ, անկաշկանդ, հաղորդակից եւ լիարժէք։

Մարաթ Աւետիսեան

Ես դասի ժամանակ քիչ մը ամչկոտ մարդ եմ, բայց երբ խօսքը վերաբերի պարելու կամ մինչեւ հեռուները լողալու, համարձակ կ’ըլլամ։

Յովհաննէս Յովհաննիսեան

Ես քիչիկ մը ամչկոտ եմ, օրինակ՝ երբ չեմ ճանչնար ոեւէ մէկը, կամ երբ չեմ գիտեր ինչ պատասխան տամ։ Բայց ամչկոտ չեմ, երբ ճիշդ կամ խելացի բան ունիմ ըսելիք։ Ինծի համար շատ լաւ է, որ քիչիկ մը ամչկոտ եմ եւ քիչիկ մը չեմ։

Նորվան Սարգիսեան

Համարձակ եմ, երբ կը ճանչնամ մարդիկը, ընկերներս, ընտանիքիս անդամները, պապային ընկերները, բայց ամչկոտ եմ, երբ չեմ ճանչնար։ Նոր մարդոց հետ դիւրութեամբ չեմ խօսիր։

Երբ որ շատ մարդ ըլլայ հիւրասենեակը, դաշնակը համարձակօրէն չեմ նուագեր, բայց հանդէսներուն եւ մրցոյթներու ժամանակ աւելի համարձակ կ’ըլլամ։

Համարձակ ձեւով նուագել եւ խօսիլը աւելի լաւ է քան ամչկոտ նուագել եւ խօսիլը, բայց երբ համարձակ եմ, պէտք չէ արագ խօսիմ, պէտք է նախ մտածեմ։

Սիլվա Պաղտասարեան

Ես ամչկոտ չեմ երբ մարդոց հետ կը խօսիմ կամ կը խաղամ։ Ամչկոտ կ’ըլլամ երբ կ’ըսեն՝ պարէ կամ երգէ, որովհետեւ ամէն մարդ ինծի կը նայի եւ շատ չեմ սիրեր ասիկա ու այս պատճառով կ’ամչնամ։

Էրիկա Սեդրակեան

Ես կը կարծեմ, որ քիչ մը ամչկոտ եմ։ Գիտեմ որ ամչկոտութիւնը անվստահութեան զգացում է, բայց ինքզինքս շատ համարձակ կը զգամ։ Կը կարծեմ որ ամէն մարդ, հանգամանքներէն կախուած, կրնայ ըլլալ ամչկոտ կամ համարձակ։

Սիմոն Մովսիսեան

Ես ամչկոտ չեմ, քանի որ կը սիրեմ ըսել ինչ որ կը մտածեմ եւ չեմ վախնար։ Վախնալու բան չկայ։ Առաջ կը մտածեմ, յետոյ կ’ընեմ։ 

Գայանէ Ֆորէլ

Ես ամչկոտ չեմ, որովհետեւ կը սիրեմ մարդոց հետ խօսիլ, խնդալ։ Երբ մէկը չեմ սիրեր, կ’ըսեմ իրեն եւ կը փորձենք հասկցուիլ։ Կը սիրեմ, որ մարդիկ զգան, որ ներկայ եմ։ Ատեն-ատեն  կ’ուզեմ ըլլալ ամչկոտ, որովհետեւ երբ շատ կը խօսիմ մարդոց հետ, յետոյ, իմ բացակայութեանս, վրաս կը խօսին։

Էտկար Վարդազարեան

Ես քիչ մը ամչկոտ եմ. երբ հիւրեր ունենանք, շատ չեմ խօսիր. բայց ընդհանուր առմամբ կը խօսիմ մարդոց հետ։

24 Մարտ-03 Ապրիլ

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան