ԱՐԱԶ ԽԸՏՐԵԱՆ,
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 10-րդ դասարան
ՅՈՅՍՈՎ ԵՄ
Իբրեւ լիբանանահայ աշակերտներ դժուարութիւններու կը հանդիպինք, որովհետեւ երկրին քաղաքական վիճակը շատ վատ է։ Երկու տարի առաջ, երբ քորոնա ժահրը Լիբանան հասաւ, ընկերային ֆիզիքական յարաբերութիւնները դադրեցան եւ մեր դասերը շարունակուեցան առցանց։ Բայց այս տարի, երկար սպասելէ ետք, վերսկսանք դպրոց յաճախել քթկալով։ Անձնապէս՝ երկու տարի առցանց դասերու հետեւելէ ետք, խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ դպրոց վերադարձայ, որովհետեւ ընկերային ֆիզիքական յարաբերութիւները դադրելէ ետք, շատ կարօտցած էի իմ ընկերներս եւ ուսուցիչներս։ Դասարանի մթնոլորտը ամենէն շատ կարօտցած էի, որովհետեւ կը սիրեմ ընկերներուս հետ մտերմիկ ժամանակ անցընել։
Դպրոցէն դուրս, ժամանակս կ’անցընեմ դաս ընելով եւ եղբօրս հետ խաղալով։ Ամէն Շաբաթ կէսօրէ ետք կը մասնակցիմ ՀՄԸՄ սկաուտութեան հաւաքներուն, իսկ Ուրբաթ կէսօրէ ետք սեղանի թենիսի (ping pong) դասի կը մասնակցիմ։ Շատ ուրախ եմ, որ կեանքը կամաց կամաց իր բնականոն վիճակին կը վերադառնայ։ Յոյսով եմ, որ ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։
28 Նոյեմբեր 2021
ՍԻՆԹԻԱ ՆԻՒՐԲԷԹԼԵԱՆ,
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 10-րդ դասարան
ԵՐԿԱՐ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ
Իբրեւ Ճեմարանի 10-րդ դասարանի աշակերտուհի, կ’ուզեմ արտայայտուիլ զանազան դժուարութիւններու մասին, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։
Քորոնա ժահրի համաճարակը եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու քաղաքական խառնակ կացութիւնը դժուարացուցին մեր ապրելակերպը։ Մեր սովորական ուրախ դպրոցական կեանքի մթնոլորտը վերածուեցաւ տխրութեան ու մտահոգութեան․ սկսանք առցանց դասընթացքի, որովհետեւ ստիպուած էինք մեր տուներէն ներս ապահով մնալ։ Սակայն շնորհիւ մեր ուսուցիչներու եւ դպրոցի տքնաջան աշխատանքին՝ կրցանք յաջողութեամբ ամբողջացնել մեր դպրոցական տարեշրջանը։
Այսօր՝ բարեբախտաբար առիթը ունեցանք դպրոց վերադառնալու երկար բացակայութենէ ետք․ թէեւ բոլոր ժամերը կ’անցընենք քթկալով, սակայն ինծի համար մեծ ուրախութիւն ու խանդավառութիւն է վերստին հանդիպիլ այնքան շատ կարօտցած դասընկերուհիներուս եւ սիրելի ուսուցչուհիներուս։
Դպրոցէն դուրս, դասերս վերջացնելէ ետք կը զբաղիմ հեռատեսիլ դիտելով, բջիջայինով իրարու հետ խօսելով ու ընտանեօք կը զրուցենք զանազան նիւթերու մասին՝ ստեղծելով ընտանեկան ճոխ մթնոլորտ։
Կը յուսամ, որ Լիբանանը վերագտնէ իր խաղաղ վիճակը ու բոլորս վերադառնանք մեր սովորական հանգիստ կեանքին։
28 Նոյեմբեր 2021