Լիբանանահայ աշակերտի տագնապը, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կորովը ներկայացնելու համար, ԾԻԾԵՌՆԱԿի երիտասարդներէն Սէրուժ Հանտեան քանի մը հարցումներով դիմեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին։
Ստորեւ Սէրուժին Նախաբանը, որմէ ետք մի քանի մասով պիտի հրատարակուին աշակերտներէն ոմանց պատասխանները։
Խորին շնորհակալութիւն ուսուցչուհիներ տիկին Թամար Գասապեանին եւ օրիորդ Նելլի Կէօնիւլեանին։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ՍԷՐՈՒԺ ՀԱՆՏԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆ
Արդէն մօտ երկու տարի է, որ քորոնա ժահրը անխնայօրէն կը թելադրէ ամբողջ աշխարհի ապրելակերպը։ Անոր ազդեցութիւնը, որուն ուժգնութիւնը կը տարբերի երկրէ երկիր, կը զգանք ամէնուրեք՝ մեր առօրեայէն ներս, ամէն քայլափոխի։ Իսկ իր գործած եւ տակաւին գործող ընկերատնտեսական աւերը շատ ծանր կերպով կ’ազդէ մեր բոլորիս հոգեկանին վրայ։
Այս բոլորով հանդերձ, քորոնա ժահրը կը մնայ միայն մասնիկ մը, չըսելու համար փոքր մասնիկ մը, լիբանանցիին դիմագրաւող այսօրուան մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։
Ինչպէս տեղեակ ենք, Լիբանանը կ’անցնի տնտեսական, քաղաքական, ապահովական, առողջապահական եւ ընկերային աննախադէպ տագնապներէ եւ բնականաբար լիբանանահայութիւնը զերծ չի մնար այս բոլորէն։ Կ’ուզեմ աւելի մօտէն անդրադառնալ եւ փորձել հասկնալ լիբանանահայուն եւ մասնաւորապէս լիբանանահայ աշակերտին առօրեան եւ դժուարութիւնները, տրուած ըլլալով, որ երկու տարի առցանց դաս ընելէ ետք, անցնող Սեպտեմբերին անոնք առաջին անգամ ըլլալով վերադարձան իրենց դպրոցները։ Հետեւաբար, այս վերամուտը սովորական վերամուտ մը չէ, այլ նաեւ քայլ մը՝ դէպի համաճարակէն առաջուայ իրենց կեանքին, առիթ մը՝ մոռնալ տալու առօրեայի մտահոգութիւնները եւ յոյսի նշան մը՝ վերադառնալու աւելի լաւ օրերու։
Մի քանի հարցում ուղղեցի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններէ խումբ մը աշակերտներու․
- Իբրեւ լիբանանահայ աշակերտ, այսօր ի՞նչ դժուարութիւններու կը հանդիպիս քու դպրոցական կեանքէդ ներս։
- Մօտաւորապէս երկու տարի առցանց դասերու հետեւելէ ետք խանդավա՞ռ ես դպրոց վերադառնալով։ Ի՞նչն է, որ ամենաշատը կարօտցած ես դպրոցական կեանքէն․ դասարա՞նը, դասընկերնե՞րդ, զբօսանքնե՞րը։
- Իսկ դպրոցէն դուրս ինչպէ՞ս կ’անցընես ընդհանրապէս ժամանակդ, ի՞նչ են զբաղումներդ։
28 Նոյեմբեր 2021
ԴԺՈՒԱՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՉՅԻՇԵԼ
ԱԼԻՔ ԹԷՆՊԵԼԵԱՆ, 10-րդ դասարան
Գրեթէ երկու տարուան բացակայութենէ ետք, վերջապէս վերադարձանք դպրոց ամենօրեայ դրութեամբ։ Աներեւակայելի էր ուրախութիւնս, երբ առաջին օրը մտայ դասարան ու հանդիպեցայ դասընկերներուս։ Թէեւ առցանց կամ հեռաձայնով կապի մէջ էինք իրարու հետ, բայց կը պակսէր ընկերային ջերմութիւնը, զոր վերագտանք այս վերամուտով։
Covid-19 համավարակի օրերը դիւրին չանցան։ Ինքնամեկուսացումի օրերը հաճելի չէին։ Այս անիծեալ համավարակը նոյնիսկ այցելեց մեր հարազատներուն, բայց փառք Աստուծոյ դիւրին ազատեցան, թէեւ մտահոգիչ օրեր էին։
Լիբանանի մէջ կ’ապրինք դժուար օրեր ո՛չ թէ համավարակին հետեւանքով, այլ տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու պատճառով։ Սղութիւնը գլուխը առած կ’երթայ՝ ինչպէս կ’ըսեն։ Վառելանիւթի տագնապ, հացի տագնապ անպակաս են, բայց դպրոցներուն վերաբացումը ուրախութիւն կը պատճառէ եւ մոռցնել կու տայ այդ դժուարութիւնները։ Մենք մասնաւոր դժուարութիւն մը չունինք որպէս աշակերտ, որովհետեւ մեր դպրոցներուն պատասխանատուները հոգատար վերաբերում ունին մեզի հանդէպ. նոյնիսկ գիրքերը իրենք ապահովեցին փոխանակումի դրութեամբ։
Մեր դպրոցին վերաբացումով կարծէք նոր կեանք մը սկսաւ մեզի համար։ Արդէն սկսած ենք արտադպրոցական հանդիպումներ կազմակերպելու եւ ընկերներով յաճախ կը տեսնուինք դպրոցէն դուրս։ Ժպիտը սկսած է վերադառնալ մեր դէմքերուն վրայ եւ կամաց կամաց կը հեռանանք համացանցի մեր կապուածութենէն ու կ’ըլլանք աւելի ընկերային։
Կարծես դժուար պիտի ըլլայ անցնող երկու տարին ջնջել մեր յիշողութենէն, բայց պիտի փորձենք․․․
28 Նոյեմբեր 2021