ԿԸ ԿԱՐԴԱՆ
ԱՆԱՊԷԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՎԱՉԷ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ, ՌՈՄԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆ ԵՒ ՌՈՄԷՆ ՔԱՐԱՍՈՒ
Դպրոցասէր Վարժարան, 7-րդ դասարան
26 Դեկտեմբեր 2020
Նկարչութիւն՝ Կարօ Քէշիշեան
Երաժշտութիւն՝ Հայկական ուտ, Արա Տինգճեան
Ո՞Վ Է ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ
ՆՈՅԵՄԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Յանցաւորը մանչուկն է, որովհետեւ ինք գրգռեց օձին, սեղմեց պոչը, այդ պատճառով օձը խայթեց։
ԱԿՍԵԼ ՔԱՊԱԼԱՔ
Օձն է յանցաւորը։ Ինչո՞ւ խայթեց տղուն թաթիկը։
ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Յանցաոր չկայ։ Գիւղացին չէր գիտեր, որ երեխան պիտի սեղմէր օձին պոչը, չէր գիտեր, որ օձը կը խայթէր. մանուկը չէր գիտեր ի՞նչ կ’ընէր, իրեն համար խաղ էր ըրածը. իսկ օձը պոչը ազատելու համար ուրիշ տարբերակ չունէր։
ԱՆԱՊԵԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ոեւէ մէկուն սխալը չէ, որովհետեւ պէտք է օձին թոյնը հանուէր գիւղացիին ծանօթանալէն առաջ։
ԿԱՐԻ ՃԻՆԿՕԶ
Նորածինն է, քանի որ կը խաղար օձին պոչին հետ։ Քիչ մըն ալ՝ օձը։
ԷԼԵՆ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ
Յանցաւոր չկայ, քանի որ օձը ստիպուած էր խայթելու փոքրիկին, այլապէս կը վնասուէր, իսկ փոքրիկը չէր հասկնար, թէ ի՞նչ կ’ընէր, քանի որ մանուկ էր։
ՆՈՅԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ես կը կարծեմ, որ բոլորը յանցաւոր են, որովհետեւ՝
ա. գիւղացին առանձին ձգեց մանչուկը օձին հետ,
բ. մանուկը սեղմեց օձին պոչը,
գ. օձը խայթեց մանուկը եւ ան մեռաւ։
ՇՈՒՇԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Յանցաւորը օձն է, քանի որ իր թոյնով սպանեց պէպէքը։ Նոյնիսկ եթէ ինքնապաշտպանութիւն էր ըրածը, յանցաւոր է երեխան սպաննելուն մէջ։
Հայրը յանցաւոր չէ, քանի որ ան վստահած էր օձին։ Մանչուկը՝ նոյնպէս յանցաւոր չէ, քանի որ գիտակցութիւն չունի։
ՆՈՒՆԷ ՓԱՇՕ
Ես կը կարծեմ, որ յանցաւորները օձն ու գիւղացին են։ Օձը խայթեց տղուն թաթիկը։ Կրնար չընել աս բանը, կրնար փորձել միայն վախցնել։ Գիւղացին ալ յանցաւոր է, որովհետեւ կտրեց օձին պոչը։ Կրնար խօսիլ օձին հետ։ Պէպէքը յանցաւոր չէ, որովհետեւ չի հասկնար։
ՄԵԼԻՆ ԲԱԲԱԹԵԱՆ
Ինծի համար օձն է յանցաւորը, քանի որ խայթեց տղուն թաթիկը։
ՊԱԹԻՍԹ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յանցաւորը փոքրիկն է, քանի որ օձը որքան ալ ուզեց պոչը անոր ձեռքէն ազատել՝ չկրցաւ, ճար չգտաւ, ստիպուած խայթեց փոքրիկին թաթիկը։ Այսպէ՛ս միայն օձը ազատեց իր պոչը։
ՌՈՄԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Իմ կարծիքովս, այս հեքիաթին մէջ յանցաւոր են օձը, մանչուկը եւ գիւղացին, որովհետեւ՝
ա. փոքրիկը ուժով սեղմեց օձին պոչը, ցաւ պատճառելով,
բ. օձը խայթեց տղուն թաթիկը եւ այդ խայթոցի թոյնէն երեխան տանջուելով մահացաւ,
գ. գիւղացիին յանցանքը այն է, որ վստահեցաւ օձին եւ իր երեխան տունը մինակ ձգեց անոր հետ։
ԿԱՅԾԱԿ ԲԱԼՈՒՅԵԱՆ
Ես կը կարծեմ, որ պզտիկն է յանցաւորը։ Ան սեղմեց օձին պոչը, օձը խայթեց եւ մանչուկը մեռաւ։
ՎԱՉԷ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ
Կը մտածեմ, որ գիւղացին է յանցաւորը, որովհետեւ կրնար օձէն բացատրութիւն պահանջել։
26 Դեկտեմբեր 2020