ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Նիկողոս Սարաֆեան. մաս Բ.

Վահան Մանճիկեան, տնտեսագէտ, Յառաջ կեդրոն, Երեւան

Երաժշտութիւն.Esther’s Waltz – Chanson d’Esther Abrami

Աղբիւրներ

  • «Չափածոյ երկեր», Նիկողոս Սարաֆեան, խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, Անթիլիաս, 1982
  • «Նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972). Արդի Ժամանակներու Եւ Սփիւռքցի Հայուն Խոհուն Ու Գեղագէտ Երգիչը», յօդուած, Ն. Պէրպէրեան 
        https://tinyurl.com/4m9pnan8
  • «Նիկողոս Սարաֆեան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի Միջեւ», յօդուած, Նորա Պարութճեան, Յառաջ Միտք եւ Արուեստ , Փարիզ, 4 Սեպտեմբեր 1988 (յղումին հետեւելէ ետք որոնել էջ 30)։
    https://tinyurl.com/47j8va5v
  • «“Մենք” հանդեսը», յօդուած, Սիրանոյշ Նազլուխանեան
    https://tinyurl.com/yd55h8ef
  • Բուն TV «Սփիւռք․ Քննական անդրադարձներ | Նիկողոս Սարաֆեան»
    https://tinyurl.com/56jjvpsa
  • Բուն TV «Սփյուռք․ Քննական անդրադարձներ | Շահան Շահնուր»
    https://tinyurl.com/mr2a4tf3

Պատկերներու աղբիւրներ

Կարդալ Աւելին  

  • Բագին գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր, զանազան նիւթեր Ն․ Սարաֆեանի մասին
    https://tinyurl.com/3mfdk2ph
  • «Վենսէնի անտառը», Նիկողոս Սարաֆեան, Երկ, խմբագրութիւն Գր. Պըլտեանի, Փարիզ, 1988
  • «Տեսարանները, մարդիկը եւ ես, Նիկողոս Սարաֆեան», Երկ, խմբագրութիւն Գր. Պըլտեանի, Երեւան, 1994
  • «Զ. Մ. Որբունիի Վերջին Այցը Նիկողոս Սարաֆեանին», յօդուած, Արա Գազանճեան, Ազդակ Օրաթերթ 
    https://tinyurl.com/35m484ad

3 Հոկտեմբեր 2024

Հայկ Թումանեան, բժշկութեան ուսանող, Աւստրալիա, Յառաջ կեդրոն

Սարաֆեանը եւ Հայրենիքը

Երբ մանուկ էի ծնողներս ինծի կը սորվեցնէին, որ հայուն սփիւռքեան վիճակը պիտի աւարտի եւ շուտով պիտի գայ պահը, երբ ամբողջ հայ ազգը պիտի վերադառնայ Հայաստան։ Այս գաղափարը յատկապէս կը յայտնուէր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, երբ սփիւռքեան վիճակը իբրեւ անէծք կ’ընդունուէր։ Կը հաւատային, որ հայը կրնայ զարգանալ միայն Հայաստանի մէջ, ինչպէս բոյսը կրնայ աճիլ միայն իր բնական հողին մէջ։

Բացի ազգայնական ժողովուրդներէն, նկատեր եմ, որ այս գաղափարը այնքան ալ յայտնի չէ նոր սերունդներուն, որոնք իրենց սփիւռքեան վիճակին մէջ պատեհութիւն մը կը տեսնեն։ Իրենց հասկացողութիւնը կը նմանի Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-1972) փիլիսոփայութեան։ Սարաֆեանը կը հաւատար, որ հայուն ցրւումը բախտ է, որ կը բերէ գրութեան նոր հասունութիւն։ Սարաֆեանի կարծիքով հայը պէտք է ընդունի իր սփիւռքեան վիճակը եւ անկէ չհրաժարի։ Այսպէս՝ հայը պիտի չունենայ գրութեան միակ կեդրոն, այլ իր գրութիւնը պէտք է միջազգային ըլլայ, եւ որովհետեւ ազգի մը գրութիւնը իր միտքը կը ներկայացնէ, եթէ գրութիւնը կեդրոն չունի, նմանապէս ազգը կեդրոն չունի։ Սարաֆեանի համար հայը իր արմատները պիտի յիշէ, բայց չվերադառնայ անոնց։ Եթէ հայը արմատները չյիշէ՝ պիտի ձուլուի արեւմուտքի մէջ, բայց եթէ արեւելք վերադառնայ քաղաքակրթութենէն պիտի հեռանայ եւ հետեւաբար գրութիւնը պիտի լճանայ։ Հայը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ պէտք է մնայ։ Սարաֆեանը կրնանք ամփոփել այսպէս․ հայութիւնը կրնայ գոյատեւել Հայաստանէն դուրս։

Կարծիքովս, Սարաֆեանը շատ ճիշդ հասկցեր է սփիւռքի վիճակը։ Սփիւռքեան երկիրներու ինքնութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի ազդէ անհատին եւ եթէ սփիւռքը ժխտէ ազդեցութիւնը՝ պատրանքի մէջ կ’իյնայ։ Հետեւաբար սփիւռքը պիտի ընդունի իր ցրւումը։ Նաեւ ճիշդ է Սարաֆեանը, որ ցրւումը եղած է հայ ազգին համար մեծ բախտ։ Սփիւռքի պատճառով հայ ազգը աշխարհին նուիրած է գրականութիւն, հռչակաւոր մարդիկ եւ գիւտեր։

Ես համաձայն չեմ Սարաֆեանի միջազգային գաղափարին, թէ հայութիւնը ողջ կրնայ մնալ Հայաստանէն դուրս։ Հայութիւնը կապուած է հողին, Հայաստանը ոչ միայն պետութիւն է, որ կրնայ որեւէ տեղ հաստատուիլ, այլ հող ու բնութիւն է, որ գտնուած է յատկապէս հայկական լեռնաշխարհին մէջ։ Կարելի չէ նոր Հայաստան մը ստեղծել Ամերիկայի, Ռուսիոյ կամ Ֆրանսայի մէջ, որովհետեւ հայութիւնը չունի յիշողութիւն այս հողին հետ։ Այս կերպով, եթէ հայութիւնը ունի յատուկ վայր մը, հայերէն գրութիւնը եւ հայ ազգն ալ ունին յատուկ կեդրոն մը։ Հայը կրնայ ապրիլ սփիւռքի մէջ, բայց իր հայութիւնը հասկնալու համար պէտք է այցելէ Հայաստան, ուր՝ փողոցներուն մէջ բարձրաձայն հայերէն կը լսես, Արարատ լեռն է դիմացդ եւ հայկական էութիւն կը զգաս բնութեան մէջ։ Սարաֆեանին հակառակ, ոչ միայն պիտի յիշենք մեր արմատները, այլեւ պիտի փափաքինք մեր արմատներուն հասնիլ եւ ուզենք յաճախ այցելել եւ տեսնել հայրենիքը։

Անշուշտ պատճառներ կան, որ Հայաստանէն դուրս ապրինք եւ սփիւռքեան փորձառութեամբ գրութիւն գրենք կամ սփիւռքի պատմութիւն սորվինք։ Ուղղակի միշտ պիտի յիշենք, որ մեր ազգը ունի յատուկ տուն եւ հայութիւնը՝ յատուկ կեդրոն եւ պիտի չփորձենք այս կեդրոնը փոխել, որպէսզի յանկարծ չիյնանք ուրացումի մէջ։

29 Մայիս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *