ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

«Մատիսընի կամուրջները». մաս Բ. եւ վերջ

Հայկ Թումանեան, բժշկութեան ուսանող

Ե՞րբ կարելի է դաւաճանել ամուսնութեան

Ըսենք ամուսնացած ես եւ պարագադ շատ գէշ է. ամուսինդ քեզ կ’անտեսէ, կը նախատէ եւ քու իղձերուն ուշադրութիւն չի դարձներ։ Այս պարագային իրաւունք ունի՞ս ամուսնութեանդ դաւաճանելու։

«Դաւաճանել»ուն վրայ՝ սեռային յարաբերութիւնները կը մտաբերեմ։ Դժբախտ ամուսնութենէդ փախչելու համար սեռ կը գտնես ուրիշ մարդու քով։

Բոլոր խնդիրները պէտք ունին որոշ լուծումներու։ Ամուսնութեան մէջ խնդիր կրնայ գոյանալ սիրոյ պակասի, ընտանեկան հարցերու, ձանձրոյթի, տնտեսական եւ այլ պատճառներով: Սեռային գործողութեամբ այս խնդիրները չեն կրնար լուծուիլ եւ միայն կարճատեւ անջատում մը կ’ըլլայ քու խնդիրներէդ։

Ֆիլմ մը, անունը՝ «Bridges of Madison County», կը ներկայացնէ մեզի Ֆրանչեսքան՝ մայր մը, որ կը զգայ թէ իր կեանքին փափաքը կատարած չէ։ Ֆրանչեսքայի խնդիրը սեռային խնդիր չէ, իր խնդիրը ձանձրոյթի եւ ընտանեկան խնդիր է։ Բայց ասոր հակառակ, Ֆրանչեսքան սեռային լուծում մը կ’որոշէ. պահ մը կու գայ եւ Ֆրանչեսքան կը դաւաճանէ իր ամուսնութեան կարծելով, թէ ասիկա է իր փափաքին լուծում բերողը։ Ֆրանչեսքան, վերջապէս չի կատարեր իր փափաքը եւ միայն կարճ անջատում մը կը գտնէ։

Այսպէս, իր դաւաճանութիւնը անիմաստ էր, ամուսնութիւնը կոտրելով ան չունեցաւ իր փափաքին իրագործումը, այլ ինքզինք դրաւ պատրանքի մը մէջ, ուր, կարծեց թէ իր կեանքին իմաստը կայ։

20 Մարտ 2024

Ալինա Իգիթեան, միջազգային եւ միջմշակութային կապերու վարիչ

Բանավէճ՝ Ֆրանչեսքայի յանցանքին մասին

The Bridges of Madison County ֆիլմը կը ներկայացնէ Ֆրանչեսքան՝ (Մերիլ Սթրիբ) ամուսնացած կին եւ մայր, որ բարոյական երկընտրանքի առջեւ կը յայտնուի լուսանկարիչ Ռոպերտի (Քլինթ Իսթուուտ) հետ իր ունեցած սիրավէպին պատճառով։ Անոր ընտրութիւնը բարդ հարցեր կ’առաջացնէ, երբ հաշուի առնենք մէկ կողմէն՝ իր յանցանքը, միւս կողմէն՝ ամուսնական կեանքէն եւ ընտանիքէն ներս իրեն բաժին ինկած անտարբերութիւնը։

Ֆրանչեսքան ամուսնացած է Ռիչըրտ Ճոնսընի (Ճիմ Հեյնի) հետ, որ թէեւ յարգալից է, բայց չի տար այն ուշադրութիւնն ու խանդաղատանքը, որ կինը կ’ակնկալէ: Ամուսնութեան մէջ կնոջ մեկուսացման զգացումները զայն կը մղեն դէպի Ռոպերտը, որուն հետ ան կ’ունենայ խոր կապ եւ կրքոտ սէր: Արդեօ՞ք զայն պէտք է դատել դաւաճանութեան համար։

Ուշադրութեամբ վերլուծելով ֆիլմը՝ ես հասկցայ Ֆրանչեսքայի դրդապատճառները։

 Իմ կարծիքովս, Ֆրանչեսքան պէտք չէ դաժանօրէն դատել, նկատի ունենալով անոր ամուսնական կեանքի մէջ զգացական թուլութիւնները։

Իրականութեան մէջ, սիրավէպը ընտանիքէն գաղտնի պահելու որոշումը իր ընտանիքին հանդէպ ունեցած պարտականութեան զգացումին դրսեւորումն է:  

Խուսափելով երեխաներուն եւ ամուսնոյն կեանքին վնասելէ, Ֆրանչեսքան կը ձգտի պահպանել ընտանեկան ներդաշնակութիւնը՝ հակառակ իր ցանկութիւններուն եւ կարիքներուն: Այս մեկնաբանութիւնը կ’ընդգծէ այն զոհաբերութիւնները, զորս Ֆրանչեսքան պատրաստ է ընելու իր ընտանիքի բարօրութեան համար, նոյնիսկ սեփական երջանկութեան գնով:

Ֆրանչեսքայի մահէն ետք գաղտնիքին բացայայտումը լրացուցիչ հարթութիւն մը կը հաղորդէ այս բանավէճին: Ես կը տեսնեմ այս բացայայտումը իբրեւ Ֆրանչեսքայի կողմէ կանխամտածուած քայլ՝ իր երեխաներուն սիրտը չկոտրելու եւ զանոնք շփոթութենէ պաշտպանելու համար: Ըստ իս, իր պատմութիւնը գաղտնի պահելու որոշումը կը վկայէ ընտանիքին հանդեպ իր անվերապահ սիրոյ մասին, նոյնիսկ մահէն ետք։

14 Մարտ 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *