ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

«Մատիսընի կամուրջները». մաս Ա.

Ծիծեռնակի երիտասարդները իրենց 22-րդ զրոյցի նիւթ ընտրած էին ամերիկեան ֆիլմ մը «Մատիսընի կամուրջները»-The Bridges of Madison County- Sur la route de Madison։ Նիւթը առաջարկուած եւ պատրաստուած էր Արեգ Պէրպէրեանի կողմէ, որ նաեւ յաջողապէս վարեց վիճարկումը, որ տեղի ունեցաւ 3 Մարտ 2024-ին։
Ստորեւ Արեգին կողմէ նիւթին ներկայացումը եւ մասնակիցներու տեսակէտները՝ երկու մասով։

Ծիծեռնակ

Արեգ Պէրպէրեան, իրաւաբանութեան ուսանող

Ֆրանչեսքա՝ ամբաստանեալ

Այսօր մեր դատարանը կը հաւաքուի ամբաստանեալ Ֆրանչեսքան դատելու։  Ես դատարանին նախագահն եմ։ Իմ դերս մեղադրողներուն եւ պաշտպանողներուն միջեւ զրոյցը ղեկավարելն է։ Ձեր փաստարկներուն վրայ հիմնուելով պիտի որոշեմ, թէ Ֆրանչեսքան պէտք է դատապարտուի՞, թէ ոչ։ Յիշեցնեմ, որ յանցանք գործելը անպայման պատիժի պատճառ չըլլար. կրնանք հաստատել, որ ամբաստանեալը յանցանք մը գործած է, բայց յանցանք գործելը ինքնաբերաբար պատիժ չ’ենթադրեր։ Կրնանք զինք չպատժել։ Ձեր փաստարկներէն կախեալ է։ 
Ֆրանչեսկան (Մերիլ Սթրիբ), «Մատիսոնի կամուրջները» ժապաւէնին գլխաւոր դերասանուհին է: Իտալուհի մըն է, որ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ամուսնացած է ամերիկեան բանակի զինուոր Ռիչըրտ Ճոնսընի (Ճիմ Հեյնի) հետ։ Փոխադրուած են Ամերիկայի Այովա  նահանգի գիւղատնտեսական շրջան մը, ունեցած են երկու զաւակ եւ տարիներ շարունակ ապրած են սովորական կեանք մը, զբաղելով իրենց ագարակով եւ տնային զանազան գործերով։  
Ֆրանչեսքայի վկայութեամբ՝ ինք շատ գոհ չէր այս սովորական եւ ձանձրալի կեանքէն, ամուսինը եւ երեխաները հազիւ թէ իրեն կարեւորութիւն կու տային եւ ինք զզուած էր փոքր քաղաքին նոյն մարդոց հետ տեսնուելէն։ Մէկ խօսքով, այս սովորական եւ աւանդական ընտանեկան կեանքը իր երազած կեանքէն հեռու էր։
Օր մը, Ռիչըրտը զաւակներուն հետ քանի մը օրուան համար կը մեկնի տունէն գիւղատնտեսական մրցումի մը մասնակցելու համար։
Ֆրանչեսքան տունը մինակ կը մնայ եւ իր դրան առջեւ կը յայտնուի Ռոպերտ Քինքեյթ«ը (Քլինթ Իսթուուտ): «National Geographic»-ի համար արհեստավարժ լուսանկարիչ մըն է ան, որ Մատիսընի շրջանը եկած էր փայտէ կամուրջները նկարելու։ Ճանապարհը չգիտնալուն համար Ֆրանչեսքային կը հարցնէ եւ կինը նկարիչին օթօյին մէջ մտնելով անոր կ’ընկերակցի մինչեւ կամուրջ։ Այդ պահէն իրենց միջեւ կը սկսի սիրոյ պատմութիւն մը, որ կը տեւէ մինչեւ ամուսինին եւ զաւակներուն վերադարձը։
Ռոպերտին հետ ապրած այդ հաճելի ժամանակները Ֆրանչեսքային կը յուշեն իր տխրութիւնը եւ կեանքէն յուսախաբութիւնը։ Ռոպերտը կը ներկայացնէ ազատութիւնը եւ արկածախնդրութիւնը. ան աշխարհը պտտած է, այն՝ ինչ Ֆրանչեսքան կ’ուզէր ապրիլ։ Երբ Ռոպերտը կ’առաջարկէ կնոջ, որ իրեն հետ մեկնի, Ֆրանչեսքան իր զգացումներուն եւ ընտանիքին միջեւ ընտրութեան բախումի մէջ կ’իյնայ։
Այդ բախումը ժապաւէնին վերջին պահերուն մէջ լաւ ներկայացուած է, երբ Ֆրանչեսքան իր ամուսինին հետ օթօյին մէջ է, ճիշտ Ռոպերտին օթօյին ետեւը։ Թաքնուած արցունքներով, երկար կը տատամսի դուռը բանալու եւ միանալու Ռոպերտին, բայց վերջապէս կը հրաժարի։
Մինչեւ մահ Ֆրանչեսքան այս սիրոյ պատմութեան մասին չի պատմեր։ Իր մահէն ետք զաւակները կը յայտնաբերեն նամակ մը, որ Ֆրանչեսքան իրենց գրած է եւ որուն մէջ կը պատմէ այդ սիրոյ մասին։ Զաւակները սկիզբը կ’ընդվզին իրենց մօր դէմ, բայց աստիճանաբար կը հասկնան զինք եւ աւելի մեղմօրէն կը մօտենան այս պատմութեան։ Վերջապէս իրենց մօրը պատմածը  զիրենք կը քաջալերէ իրենց ամուսնական հարցերը լուծելու։ 
Պէ՞տք է դատապարտել Ֆրանչեսքան։
3 Մարտ 2024
Ալիսա Իգիթեան, կենդանապատկերներու ծրագրաւորող

Հերոսներու հանդէպ համակրանք

Երբ իմացայ, որ մեր յաջորդ զրոյցը պիտի ըլլայ «Sur la Route de Madison» ֆիլմին եւ անոր հերոսուհի Ֆրանչեսքայի ամբաստանութեան մասին, շատ ուրախացայ:Նիւթը շատ հետաքրքրական է, որովհետեւ այդ ֆիլմին մասին խօսելով կրնանք իմանալ մարդկային յարաբերութիւններու եւ ընկերութեան մասին մեր ծանօթներու միտքերը։
Ես երբ որ ֆիլմ կը դիտեմ կամ գիրք կը կարդամ, չեմ փնտռեր հասկնալ թէ  հերոսները ճի՞շդ կը գործեն, թէ սխալ։ Կը փորձեմ հասկնալ անոնց կարեւոր բնաւորութիւնները: Այդ յօրինուած կերպարներու ճամբան ո՞ւր կը տանի զիրենք։ Ինչո՞ւ այդպիսի վարմունք կ’ունենան։
Ինծի կարեւորը այն չէր, որ Ֆրանչեսքան սխալ բան է ըրած, այլ կ’ուզէի հասկնալ թէ ինչո՞ւ այդպէս վարուեցաւ:
Մարդը այնքան դժուար ու բարդ կենդանի է, որ ոչ մէկը կրնայ զայն հասկնալ մինչեւ վերջ։ Ֆրանչեսքան իր պատճառները ունէր իր գործողութիւններու համար եւ ֆիլմը իր բեմադրութեամբ շատ լաւ ցոյց տուաւ ատիկա։ Հերոսներու անցեալը կ’օգնէ մեզի հասկնալու իրենց շարժումները: Այստեղ, ֆիլմի սկիզբին, Ֆրանչեսքան կը ներկայանար մինակ մօր ու կնոջ կերպարանքով եւ ոչ մէկ ռոմանթիք սիրոյ տեսարան երեւցաւ պաստառին վրայ։
Ձեզի կը թուի, որ ստեղծագործութիւններու կերպարները պէտք է անպայման  առաքինութեան նմոյշնե՞ր ըլլան։ Մեր մանկութիւնը օրօրուած է սուրբ ու փափուկ հեքեաթներով։ Մեր ծնողները կը փորձեն մեզի լաւ օրինակ տալ  առաքինութեան կերպարներով, որ լաւ մեծնանք, բայց ասի միշտ օգտագար չէ։
Անոնք որոնք մանկութեան շատ լսած ու դիտած են երջանիկ ու հասկնալի աշխարհի մասին յոյս տուող հեքեաթներ, չափահաս տարիքին կրնան հիասթափիլ:
18 Մարտ 2024
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *