Մշակոյթը ապրող երեւոյթ է եւ անոր գոյատեւման երաշխաւորը տուեալ մշակոյթը իրենց մէջ կրող ու ապրեցնող մարդիկն են: Ի՞նչը կը մղէ զանոնք, որ սիրեն իրենց մշակոյթը, զայն պահպանեն, եւ ինչու ոչ՝ նաեւ օգտագործեն իրենց ողջ ներուժը տուեալ մշակոյթը զարգացնելու համար:
Մարդ արարածն իր բնոյթով կը տենչայ անկախութիւն եւ ազատութիւն, իսկ որեւէ ձեւի պարտադրանք կամ ստիպողական քայլ, շատ հաւանական է, որ զինք դրդէ կատարելու հակառակ գործողութիւններ: Վկայ՝ եւրոպայի միջնադարեան քրիստոնէական եկեղեցին ու իր հոգեւոր իշխանութիւնը: Անոր չափազանց պարտադրանքները, որոնց հետամուտ կ’ըլլար այդ համակարգը, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով յանգեցուցին եւրոպական խիստ աշխարհիկ պետութիւններու կազմաւորման: Եթէ այս օրինակը կիրառենք մեր հայ իրականության ծիրէն ներս, կը տեսնենք, որ հայրենիքէն հեռու, մանաւանդ համաշխարհայնացած երկրի մը մէջ ապրող հայ երեխաներ, որոնք գիտեն, թէ իրենց ծնողքը հայեր են, սակայն կապուած չեն զգար հայկական մշակոյթին, քանի որ ամբողջական պատկերացում չունին ատոր մասին։
Ի՞նչն է այստեղ աւագ սերունդի պարտականութիւնը, որպէսզի գալիք սերունդը քաջալերուի եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ հայ մշակոյթի զարգացման նկատմամբ: Կը կարծեմ որ հայապահպանութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման բանալին անոր պատկանելուն եւ զայն խորապէս սիրելուն մէջ է: Հաւանաբար պարտադրանքով կարելի ըլլա՜յ նպաստել հայապահպանման, սակայն եթէ կ’ուզենք, որ մեր սերունդները զարգացնեն հայ մշակոյթը, նախ պէտք է իրենց մէջ ամրապնդենք պատկանելիութեան ոգին եւ մանկութենէն այնպէս դաստիարակենք, որ կեանքի ո՜ր տարիքին ալ հասնին, իրենց մէջ վառ մնայ հայ մշակոյթի հանդէպ տածած սէրն ու նուիրումը: Անդադար յեղաշրջուող աշխարհի մէջ միշտ դժուար է ամբողջապէս հետեւիլ պապենական աւանդութիւններուն եւ կանոններուն: Բացի այս, կ’արժէ քննել այդ արժէքները եւ անոնցմէ ընտրել միայն անոնք, որոնք կ’ընդգծեն մեր ինքնութիւնն ու գոյատեւման ոգին, որոնք խթան կը հանդիսանան հզօր ապագայի համար, օրինակ հայու կամքի ոյժն ու աշխատասէր վարքագիծը, ինչպէս նաեւ՝ չսահմանափակուիլ միայն ցեղասպանութեան ցաւալի եւ պատմական ողբերգութիւն յիշեցնող դէպքերով: Այս մէկը կը ծնի ամօթի, վախի կամ վրէժի զգացումներ, որոնք էապէս կը խոչընդոտեն մշակոյթի զարգացումը:
Որքան ազատ եւ անկաշկանդ ըլլայ միջավայրը, այդքան աւելի մեծ է հաւանականութիւնը, որ տուեալ մշակոյթը զարգանայ եւ բարգաւաճի: Այսպիսով, կ’ունենանք սերունդ մը, որ յստակ պատկերացում ունի իր ինքնութեան մասին եւ ունակ է զայն աշխարհին պատշաճ կերպով ներկայացնելու:
2 Responses
Բարեւ Էօժենի,
Քո յօդուածդ կարդալով կը հասկնամ որ հիմնական պատգամը այն է որ մարդը պէտք սիրէ իր մշակոյթը որպէսզի այդ մշակոյթը պահպանէ եւ զարգացնէ ։ Ասոր հետ համաձայն եմ, դժուար է մէկ բան մը պահպանել եթէ ատոր հանդէպ չունինք յատուկ սէր կամ հետաքրքրութիւն ։ Սակայն, իմ կարծիքով, գրածներուդ կարգ մը միտքեր իրարու հետ հակասական են ։
Առնենք երկրորդ հատուածը որ կը սկսի այն սկզբունքով ըստ որուն մարդը բնականաբար կը տենչայ ազատութիւն, եւ հետեւաբար պարտադրանքները իրեն կը դրդեն հակառակ գործողութիւններու։ Այս սկզբունքին գործադրութիւնը բացատրելու համար, օրինակ մը զատես, նկարագրելով հայ երիտասարդ մը որ ունի հայ ծնողներ բայց հայկական մթնոլորտէն դուրս ապրելով, չի հետաքրքրուիր հայկական մշակոյթով ։ Չէ՞ս կարծեր որ այս օրինակը, մեր սկզբունքին ըսածին ճիշտ հակառակն է ։ Կ’ըսես որ պարտադրանքները պատճառ կ’ըլլան հակառակ գործողութիւններու, բայց այս օրինակին մէջ, պարտադրանքներու բացակայութիւնը պատճառ եղան իսկական հակառակ գործողութեան, այսինքն հայկական մշակոյթի ուրացումը ։
Մէկ կողմէն կը գրես որ ազատ եւ անկաշկանդ միջավայր պէտք է մշակոյթի զարգացման համար, միւս կողմէն կ’ըսես որ մանկութենէն պէտք է մշակոյթի սէրը դաստիարակենք ։ Այս դաստիարակութիւնը պարտադրանքի ձեւ մը չէ՞ ։
Այս ամենը կարդալով ես կ’եզրակացնեմ որ անուղղակիօրէն կ’ընդունիս որ ազատութիւն ըսուած բան մը չի կայ մշակոյթի զարգացման մէջ եւ կայ միայն սերունդներուն պարտականութիւնը պարտադրելու հայ մշակոյթի սէրը յաջորդ սերունդներուն ։ Եթէ ճիշտ ձեւով չեմ հասկցած, սիրով կը սպասեմ քու մեկնաբանութիւնդ ։
Արեգ
Շնորհակալութիւն դիտարկման համար։
Եթէ ամփոփենք պատգամը, ապա կ’ըսենք թէ պարտադրանքն է որ կը սպանէ հետաքրքութիւնը մշակոյթի հանդէպ։ Իսկ մշակոյթը զարգանալու համար պէտք է գտնէ բարենպաստ եւ նորութիւններու առաջ բաց միջավայր, այլապէս կը սահմանափակուի միայն ավանդոյթներու պահպանութեամբ, ինչը եւս կարեւոր է բայց բաւարար չէ զարգացման գործընթացը ապահովելու համար։ Իսկ ինչ կը վերաբերի դաստիարակութեանը ապա կայ երկու տարբերակ, առաջինը` պարտադրանքի ձեւն է որ նշեցիք, իսկ երկրորդը` դաստիարակութիւն որ մանուկներու քով Հայ մշակոյթի հանդէպ հետաքրքուրթիւն եւ սէր կ’առաջացնէ, ինչը իր հերթին կը ստեղծէ զայն զարգացնելու յարմար միջավայր։
Էօժենի