Շաբաթ, 27 Նոյեմբերին այս նիւթին շուրջ զրուցեց ԾԻԾԵՌՆԱԿի երիտասարդական խումբը։ Զրուցավարն էր Գաբրիէլ Սարայլը։ Ստորեւ Անուշ Պանիքեանի գրաւոր եւ գծաւոր արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ժագ Փրեւերէն թարգմանութիւն մը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
ԳԵՐԻ
Գերութեան առաջին իմաստը մեզի կը հասնի հնադարէն: Այդ ժամանակին, գերին իր ինքնութենէն զրկուած էր, որովհետեւ սովորական մարդու իրաւունքները չունէր: Բանտարկուած, առարկայի պէս կը գործածուէր:
Գերութեան երկրորդ իմաստը կը վերաբերի հոգեբանական կախուածութեան։ Ճիշտ է, որ գերին տէր մը կ’ունենայ, բայց այդ տէրը անմարմին ալ կրնայ ըլլալ: Տէրը գերիի անձին արտայայտութեան վրայ կ’իշխէ, այսինքն ապրելակերպին վրայ (գործունէութեան եւ մտածելակերպին): Այս oրերուն, զարգացած երկիրներու մէջ գերութիւնը ըստ առաջին իմաստին արգիլուած է, հակառակ անոր, որ դեռ գոյութիւն ունին գերիներ, ինչպէս՝ փախստական գործաւորներ եւ պարտադիր պոռնկութեան մէջ գտնուող կանայք, որոնք բանտարկուած կ’աշխատին ահաւոր պայմաններու մէջ եւ յաճախ ձրի: Այդ «ձրի» բառը կարեւոր է:
Մեր ներկայ ընկերութիւնը, որ հիմնուած է շահ(ագործութեան) վրայ, մարդուն ապրելակերպը կախեալ կը դարձնէ դրամական շահէն: Յառաջդիմութիւնը եւ աշխարհաբնակչութեան աճումը մարդկութիւնը տարին դէպի մրցավազք, որպէսզի կարենայ ապրիլ ամենաշատ արդիւնաբերողը: Այո, դրամը գոյութիւն ունի դարերէ ի վեր, բայց դրամին գործածութեան նպատակները փոխուած են:
Կ’աշխատինք որո՞ւ եւ ինչո՞ւ համար, ի՞նչ կը նշանակէ լաւ ու ազատ կեանք ապրիլ:
Արդի գերութիւնը իր անձը չճանչնալն է, երբ կը գործենք ուրիշին նպատակներու իրագործման համար, կարծելով, որ կ’ապրինք ազատ եւ հարուստ կեանք մը: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ առանց անդրադառնալու ոմանք իրենց անձնականութիւնը կը մոռնան ուրիշ ուժի մը ետեւէն վազելու համար:
Կառավարողները մեզի սուտ ազատութիւն մը կը մատուցանեն։ Այսպիսով Ժողովուրդը գերի չի նկատուիր, որովհետեւ իր աշխատանքին համեմատ դրամ կը շահի: Բայց այդ դրամը կառավարողներուն ուզած եւ պարտադրած բաներուն համար կը ծախսուի: Կառավարողները, որ մեր տէրերն են, աւելի շահաւոր են գործաւոր ունենալով քան գերի:
Արդի գերին այլեւս մարմնապէս չի պատկանիր տիրոջ մը։ Եթէ պատկանէր, իր տառապանքին գիտակցութիւնը պիտի ունենար ու պիտի չկարենար արդիւնաբեր ըլլալ: Արդի գերին (գործաւորը) չունի տառապանքի գիտակցութիւն, հանգիստ սրտով կ’աշխատի այդ տիրոջ համար, դրամ կը շահի ապրելու համար ու կ’ապրի աշխատելու համար։
Մէկ կողմէն, շատեր կը վազվզեն դէպի իրենց չսիրած աշխատանքը, քանի դրամ պիտի շահին եւ ընտանիքը հոգան: Միւս կողմէն՝ ուրիշներ կը կարծեն իրենց սիրածը ընել, կը գնեն տուն ու հող, տուրք կը վճարեն եւ կը ջանան պարտք գոցել:
Չեմ հաւատար ազատութեան։ Ազատ մարդ չկայ։ Ձեզ կը հրաւիրեմ չորս կողմ նայելու եւ նկատելու, թէ ինչ թելերով կապուած էք ձեր տէրերուն։
14 Դեկտեմբեր 2021
ԺԱԳ ՓՐԵՒԵՐ
Թռչունի Մը Դիմանկարը Պատրաստելու Համար
Նկարել վանդակ մը՝
դուռը բաց
յետոյ նկարել
բան մը սիրունիկ
բան մը պարզունակ
բան մը գեղեցիկ
օգտակար բան մը
թռչունի համար.
այնուհետեւ կտաւը յենել ծառին
պարտէզի մը մէջ
պուրակի մը
կամ անտառի.
պահուըտիլ ետեւը ծառին
անխօս
առանց շարժելու…
Երբեմն թռչունը շուտո՛վ կը ժամանէ
կրնայ նաեւ տարիներ տեւել
մինչեւ որոշէ.
Չվհատիլ
սպասել
եթէ պէտք է՝ տարիներ
արագութիւնն ու դանդաղութիւնը իր ժամանման
չէ առնչուած պաստառին յաջողութեան։
Երբ թռչունը ժամանէ,
եթէ ժամանէ,
խորագոյն լռութիւն պահպանէ
սպասէ որ թռչունը վանդակ մտնէ
ու երբ մտնէ
վրձինով կամացուկ դուռը գոցէ
յետոյ
ջնջէ մէկ առ մէկ ճաղերը բոլոր
զգուշութեամբ որ չդպնաս անոր մէկ իսկ փետուրին։
Ապա ծառը նկարէ
ամենագեղեցիկ ճիւղն անոր թռչունին համար ընտրէ
նկարէ նաեւ տերեւներ կանաչ
հովու թարմութիւն
արեւափոշի
ամառուայ տաքին խոտաճճիի հանած աղմուկը նաեւ.
այնուհետեւ սպասէ որ թռչունը որոշէ երգել։
Եթէ չերգէ
սա վատ նշան է
նշան, որ նկարն անյաջող է
իսկ եթէ երգէ, լաւ նշան է
նշան, որ ստորագրել կարելի է։
Հետեւաբար, մեղմօրէն փրցուր
հատ մը փետուրներէն թռչունին
եւ անունդ գրէ մէկ անկիւնը պաստառին։
Թարգմ. ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ