ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏ. ՄԱՍ Ա.

ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
Զրուցավար եւ նիւթը հայթայթող
Զրոյցը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Փետրուարին

ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐԸ, Ալիսա Իգիթեան

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՏԵՂԸ ԱՅՍՕՐ

Արուեստը յաճախ կը նոյնացնենք գեղագիտութեան հետ։ Զարմանալի չէ, քանի որ անցեալ դարերուն արուեստը կը  պատկանէր հարուստներուն եւ ազնուականներուն, որոնք տէր կը կանգնէին անոր։ Արուեստի մէջ գեղեցիկը փնտռելու հակում ունինք այսօր եւս։ Այս պատճառով է, որ մեր արդիական ըմբռնումով իսկ տակաւին արուեստին կը նայինք ՙհին՚ եւ ՙաւանդական՚ աչքերով։ Կը փնտռենք անոր օգտակարութիւնը, մանաւանդ եթէ արուեստի  գործը շօշափելի առարկայ է։ Եթէ օգտակար կամ գեղեցիկ չէ, իմաստ չենք տեսներ։

Այս տրամաբանութեամբ, ժամանակակից  արուեստը դեռ բոլորովին ընդունուած տեսակ չէ։ Նկատած եմ, որ զայն մերժողը աւելի ժողովրդական դասակարգն է ի տարբերութիւն մտաւորական եւ ունեւոր դասակարգերուն, որոնք իւրովի կը քաջալերեն ու կը հովանաւորեն նոր արուեստները։ 

Ընդգծենք, որ ներկայ դարուս, արուեստը դարձած է միջազգային, ամէն տեղ եւ ամէն մարդու հասանելի է։ Առանց անդրադառնալու, բոլորս թաթխուած ենք արուեստի մէջ։ Թուային արուեստը կ’օգնէ անոր տարածման։ Ժամանակակից արուեստին մէջ, ստեղծագործական եռանդին զուգահեռ մեծ կարեւորութիւն ունի փնտռտուքը, միշտ նորութիւն պէտք է բերել, իսկ գիտելիքները անշրջանցելի դարձած են այլեւս։ 

Ստեղծագործական հոլովոյթը, որ, ինչպէս գիտենք, մարդկային գլխաւոր յատկանիշն է, կեանքի պայման է։ Առանց անոր, մարդամեքենաներու պէս կ’ապրինք եւ մեր մարդկայնութիւնը կը կորսնցնենք։ Յիշեցնեմ, որ մարդու նպատակը մտածելն է։ Այս նպատակը զայն կը բաժնէ վայրենիէն։ Ես գեղեցկութիւն կը գտնեմ այն արուեստին մէջ, որ կը զարգացնէ եւ առաջին հարթակ կը մղէ մարդուն միտքը։ 

Ժամանակակից արուեստի գործին մէջ հաւասարապէս տեղ ունին թէ՛ միտքը, թէ՛ զգացողութիւնը։  Մենք կրնանք զայն չհասկնալ, կամ հասկնալ տարբեր ձեւերով, մէկս միւսէն տարբեր զգայնութիւններ կրնանք ունենալ։ Մենք պատճառ ունինք, արուեստագէտը՝ ոչ։ Եթէ մենք իր գործէն բան մը զգանք, կամ քիչ մը հասկնանք զայն, արուեստագէտը յաջողած կը համարուի։   

Արուեստի այս յեղաշրջումը արդեօք հետագային ինչպիսի՞ աննախատեսելի նորութիւններ պահած է մեզի համար։  

Արուեստի մէջ արկածախնդրութիւնը զայն աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ անկասկած։ 

12 Մարտ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Ալիսա,

    Հետաքրքրական կէտերու մասին գրեցիր եւ շատ գեղեցիկ գծագրութիւն մը ներկայացուցիր այս ժօդուածին հետ: Կ՛ուզէի անոնցմէ երկուքին վրայ կեդրոնանալ։

    1- Արուեստը լեզու է որ մեզ հետ կը խօսի բազմաթիւ զգացումներու միջոցով։ Օգտակարութիւնը եւ գեղեցկութիւնը անոնցմէ երկուքնէն։ Կը կարծեմ որ արուեստը շատ աւելի ձեւեր ունի հակազդեցութիւն ստեղծելու համար։ Օրինակ ըլլալով սփոփական, օգնելով սուգէ դուրս գալ, միտքէ դուրս բերելով ուրախ կամ տարբեր անձնական յիշատակներ.

    2- Արուստը երքի նման է։ Երք չի սիրող անձ չի կայ բայց տարբեր երքեր մտիկ ընելով է որ կը գիտնանք որ տեսակէն աւելի կախորժինք։ Ուրեմն կը կարծեմ որքան մենք մեզի ցուցադրենք արուեստական գործերու, այնքան պիտի կրնանք գնահատել եւ զարգացնել մեր արուեստական մշակոյթը։

  2. Շատ շնորհակալ քո գրված իդ համար։ Ես համաձայն եմ քո հետ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան