ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐԸ. ՄԱՍ Ե.

ՓԻՒՆԻԿ

ԼԻՒՍԻ ՕՍԵՊԵԱՆ

Այս պատերազմը հայ ազգի համար ունեցաւ անչափ ցաւալի աւարտ: Մենք կորսնցուցինք հայրենիք, այն հողը, որ 30 տարի առաջ հայ քաջերը իրենց կեանքի գնով էին ազատագրած: Մենք նաեւ կորսնցուցինք 5000 հայորդիներ: Անոնք գացին մարելով իրենց տան ճրագը, ետին ձգելով սգաւոր մայրեր, այրի կանայք եւ անհայր մանուկներ:

Այս պատերազմը անհաւասար ուժերու բախումն էր, զոր դիտեց  համայն աշխարհը ինչպէս պիտի դիտէր սարսափելի ֆիլմ մը, եւ ապա վերադարձաւ իր բնականոն կեանքին: Ոմանց համար հերթական սարսափելի ֆիլմ, ոմանց համար ալ անվերջ տառապանք ու սուգ: Հայ ազգի 105- ամեայ սպիները դեռ չփակուած, բացուեցան աւելի նոր՝ աւելի դաժան վէրքեր, որոնք, Աստուած գիտէ՝ ե՞րբ պիտի բուժուին:

21-րդ դարուն պատերազմը կ’ապրինք վայրկեանը վայրկեանին։ Լուրերու թարմ ու խիտ էութիւնը կործանիչ յատկութիւն ունի։ Այն խորապէս ազդեց թէ՛ հայաստանաբնակ հայերու եւ թէ՛ սփիւռքի հոգեբանութեան վրայ: Մենք հասկցանք, որ 20-րդ դար ըլլայ թէ գերզարգացած 21-րդ դար, մարդկային անտարբերութիւնը նոյնն է, մի գուցէ աւելի ուժգին:

Բայց այս ամենով հանդերձ, մեր ազգը իրաւունք չունի թեւաթափ ըլլալու, յուսահատելու: Ես կը կարծեմ, որ հայն ունի հոգեւոր մեծ ուժ։ Ատիկա համամարդկային երեւոյթ մըն է, որ հաւանաբար յատուկ է տառապանք տեսած ազգերուն: Մենք բազմիցս ինկած ենք թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին թշնամիի պատճառով: Բայց մենք միշտ գտած ենք ուժ նորէն ապրելու, նորէն ստեղծելու ու ծաղկելու: Մեր ազգը  կարելի է համեմատել փիւնիկի հետ, որ կը վառի ու վերստին կը ծնի իր մոխիրէն։  

Կեանքի բոլոր հանգամանքներէն պէտք է դաս քաղել, մանաւանդ շրջադարձային ու ճակատագրական իրադարձութիւններէն: Հայը պէտք է սորվի ըլլալ աւելի հայասէր, աւելի ազնիւ: Մենք պէտք է սորվինք ըլլալ քիչ մը զգոյշ, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի երկրին առաջնորդ ընտրելուն, քանի որ յոյսը յաճախ կը կուրացնէ մեզ դարձնելով դիւրահաւատ: Եւ ի վերջոյ, աւելի ուժեղ ըլլալու համար պէտք է մշակել ազգային այնպիսի նպատակ, որ համախմբէ տաս միլիոն հայ, որու համար աշխատին բոլորը։ Իսկ այդ ազգային նպատակը կրնայ ըլլալ միայն աւելի ուժեղ հայրենիքի կերտումը։  

7 Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան