ՊԱՀԱՆՋԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՆՑԱՒ,
ՀԱՍԱՒ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պահանջը կը համարուի թէ՛ պայքարի պատճառ, թէ՛ պայքարի միջոց: Կը պայքարինք, որովհետեւ կը պահանջենք եւ կը պայքարինք պահանջելով: Պայքարողը կ’ակնկալէ արդիւնք մը, կը պահանջէ իր իրաւունքներուն ճանաչումը: Բայց այն պայքարողը, որ միայն պահանջկոտ կեցուածքով կը պայքարի, երբեք իր ուզածը չի ստանար. միայն պարտադրողական կեցուածք ունեցողը կը հասնի իր նպատակին:
Այսօրուայ սփիւռքահայութիւնը չունի պարտադրողական կեցուածք եւ ասիկա յայտնի դարձաւ արցախեան ազատամարտի ընթացքին: Պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը միջազգային համայնքէն պահանջեց Ադրբեջանի ու Թուրքիոյ դատապարտութիւնը, իսկ հիմա՝ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Դժբախտաբար, ճանաչման առաջին քայլերը նետուեցան միայն մեր ճակատամարտի պարտութենէն, մեր հողերուն յանձնումէն եւ մեր տուներէն վռնտուելէն ետք։ Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց Արցախի անկախութիւնը, բայց ֆրանսական կառավարութիւնը տակաւին կը պնդէ իր ամօթալի չէզոքութիւնը:
Այս պատասխանը պէտք է մեզի յիշեցնէ, որ մուրացկանի նման ուրիշէն օգուտ սպասող ժողովուրդը բանի մը չի հասնիր: Յիշենք, որ բազմաթիւ տասնամեակներ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջեցինք, բայց մեր դատը իսկապէս յառաջացաւ մի քանի տարուան մէջ, երբ զինեալ գործողութիւններ վարեցինք թրքական շահերու դէմ:
Ինչպէս Արցախի ժողովուրդը մինակը շահեցաւ իր 90-ական տարիներու ազատութիւնը եւ պարտադրեց իր անկախութիւնը, սփիւռքահայութիւնն ալ թող յիշէ, որ ինք յառաջդիմած է միա՛յն, երբ ունեցած է պարտադրողական կեցուածք:
Ինչպէ՞ս անցնիլ պահանջկոտ կեցուածքէն պարտադրողական կեցուածքի:
Նախ, պէտք է, որ ազատինք մեր բարի եւ հնազանդ համբաւէն:
Իհարկէ պիտի շարունակենք յարգել եւ սիրել այն պետութիւնները, որոնց հովանաւորութեան տակ կ’ապրինք: Բայց պէտք չէ բաւարարուիլ ԱՄՆի նախագահին «Հայերը լաւ մարդիկ են» խօսքերով, կամ հերոսի պէս դիմաւորել Թուրքիան դատապարտող Ֆրանսայի նախկին նախագահը, երբ ի՛նք եղած է Ադրբեջանին ամենակարեւոր զինավաճառներէն մէկը։
Յարգել եւ համարկուիլ չեն նշանակեր պատիւը ուրանալ:
Ասոր կողքին, պէտք է շարունակենք ծանրակշիռ դարձնել մեր ազդեցութիւնը քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ իրաւաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Նման ազդեցութիւններու շնորհիւ արդէն մի քանի արդիւնքներու հասանք։ Մեր քաղաքական ճնշումներով ստացանք Արցախի ճանաչումը Ֆրանսայի բազմաթիւ քաղաքապետարաններու եւ ծերակոյտին կողմէ: Մեր տնտեսական ուժով կրցանք պատկառելի գումարներ ղրկել Հայաստան։ Օրէնքի մեր մասնագէտները կը կազմակերպուին, որպէսզի թշնամին միջազգային արդարադատութեան ներկայանայ, եւ որպէսզի թրքական սպառնալիքը չքանայ օտար երկիրներու փողոցներուն մէջ, դեր ստանձնելով Ֆրանսայի մէջ «Գորշ գայլերու» ցեղամոլ կազմակերպութեան լուծման մէջ:
Այս օրինակները կը նկարագրեն սփիւռքահայութիւն մը, որ չի սպասեր իր պահանջներուն ընդունման, այլ ուղղակի դերակատար կ’ըլլայ անոնց իրականացման։ Այս է պարտադրողական կեցուածքը։
Այսուամենայնիւ, մնաց ամենէն կարեւոր հարցը։ Ո՞րն է սփիւռքահայութեան վերջնական նպատակը: Աւելի քան երբեք՝ այսօր, այս հարցումին պատասխանն է Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացումը։
Մինչեւ հիմա ունեցանք ճշգրիտ թիրախներ, ինչպէս՝ Արցախի ինքնավարութեան իրաւունքի ճանաչումը կամ ցեղասպան Թուրքիոյ դատապարտութիւնը։ Բայց այս ծրագիրներուն իրականացումը մաս կը կազմէ աւելի հիմնական նպատակի մը. հայ ժողովուրդին եւ իր երկրին յառաջդիմութիւնը։ Եթէ կազմակերպենք մեր ամբողջ ուժը այս մէկ նպատակին շուրջ, շատ աւելի ազդեցիկ կ’ըլլանք մեր աշխատանքին մէջ։
Ուստի, սփիւռքահայութիւնը միշտ պիտի շարունակէ պահանջել իր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, նոր ցեղասպանութեան վտանգին ենթակայ ժողովուրդի մը ազատագրութիւնը չենք պահանջեր. կը պարտադրենք։
24 Նոյեմբեր 2020