ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ես եւ Տարբերը. մաս Գ. եւ վերջ

René Magritte, ՙGolconde՚, 1953

Անուք Էկինեան, իրաւաբան

Համաշխարհայնացում. տարբերութիւններու ջնջո՞ւմ, թէ՞ ինքնամփոփումի աճ

Համաշխարհայնացումը տարբեր երկիրներու միջեւ տնտեսական, մշակութային, արհեստագիտական փոխանակութեան աճ կ’ենթադրէ։

Մշակութային գետնի վրայ, առաջին նայուածքով կը փորձուինք մտածել, որ այս երեւոյթը կը տանի դէպի տարբերութիւններու ջնջում, յոգնակի ինքնութիւններէն անցնելով դէպի եզակի ինքնութիւն։ Այս միատարրութիւնը կը նկատուի տարբեր մակարդակներու վրայ, սկսելով մեր շրջապատէն՝ ճարտարապետութիւն, բնանկար, անցնելով մեր սպառումներուն՝ սնունդ, սինեմա, ընթերցանութիւն, յանգելով մեր մտածումներուն։  

Իրականութեան մէջ, ըստ իս, համաշխարհայնացումը մեր տարբերութիւնները անհետացնելու փոխարէն, տարօրինակօրէն աւելի կը շեշտէ զանոնք։  Ժողովուրդներու ներդաշնակութեան ջանքին նկատմամբ նման հակազդեցութիւն երկու հետեւանք կրնայ ունենալ. ա. ինքնութեան արտայայտման եղանակներու վերասահմանում, բ. ինքնութենական ներամփոփման վտանգ, որ կը տանի միւսին տարբերութիւններու մերժումին։

ա. ինքնութեան արտայայտման եղանակներու վերասահմանում

Եթէ համաշխարհայնացման առաջին նպատակը իրարու մօտեցնել է այլազան քաղաքակրթութիւններ, ոմանց կողմէ ասիկա սպառնալիք կրնայ նկատուիլ. անհետացում մշակութային ժառանգութեան, որ է ինքնութեան գլխաւոր տարրերէն մէկը։  

Համանմանութեան վախը կը թելադրէ, որ ինքնութեան գաղափարը երկու կերպով վերասահմանուի։

Նախ ըսենք, որ ինքնութիւնը կը փոփոխուի զինք վաւերացնող եղանակներուն  համեմատ։ Արդարեւ, մշակութային համաշխարհայնացման շարժումին դիմադրելու լուծումներէն մէկը, մշակութային յատկանիշները աւելի ցուցադրականօրէն արտայայտելու մէջ կը կայանայ։ Այստեղ, ինքնութիւնը ոչ թէ կ’ընկալուի իբրեւ ապրուելիք, այլեւ պաշտպանուելիք։

Յետոյ, ինքնութեան արտայայտչական այլակերպութիւնը կը տանի ինքնութեան գաղափարին օրկանական վերասահմանումին։ Այն պարագային, երբ վտանգուած կ’ըլլայ մշակութային ժառանգութիւնը, զայն պահպանելու համար ի գործ դրուած ճիգերը բնականաբար աւելի եւ աւելի տեղ պիտի տան անոր, մինչեւ որ այն վերածուի ինքնութեան կարեւորագոյն տարրերէն մէկուն։

Այս կողմէն դիտուած, մեր մշակոյթին գրաւած կարեւոր տեղին արտայայտութիւններէն մէկը՝ մեր հին, պատմական, մշակութային աւանդութիւններու վերածաղկումն է. պար, երաժշտութիւն, խորհրդանիշ, խոհանոցային արուեստ, եւլ։   

Ասով հանդերձ, պիտի չուզենք, որ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու մեր իրաւացի փափաքը մեզ առաջնորդէ անհատապաշտութեան եւ ուրիշի մերժման։

բ. ինքնութենական ներամփոփում եւ միւսին ժխտումը

Առաջին հայեացքով, բնականօրէն կրնանք մտածել, որ իրենց մշակոյթի պահպանման համար աշխատողները հաւասարապէս շահագրգռուած կ’ըլլան  ուրիշներու մշակոյթով։

Սակայն, յարակարծօրէն, երբ մշակութային ինքնութեան պահպանման պայքարը հասնի ծայրայեղ չափերու, լաւագոյն պարագային՝ այն կը վերածուի ուրիշներու մշակոյթին հանդէպ անտարբերութեան, յոռեգոյն պարագային՝ կը սկսի զգուշանալ անոնցմէ։

Այս վտանգին դիմաց, լուծումը երկխօսութեան եւ ուրիշը ընդունելու մէջ կը կայանայ։ Որպէսզի մշակութային ինքնութիւն արտայայտելու փափաքը արդարանայ, այն ընկերակցելու է ուրիշ մշակոյթներու հանդէպ յարգանքին։

11 Մայիս 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *