ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Տէր Թոդիկի դպրոցը. գծանկարներ. մաս Բ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան

Շարլի Փերրօ-Րաֆֆին կը բարկացնէ Տէր Թոդիկը

Առաւօտեան կանուխ կը սկսէր դասաւանդութիւնը։ Վարժապետը նստած կ’ըլլար իր անկիւնը. անոր առջեւ դրուած կ’ըլլար փոքրիկ գրակալ։ Աշակերտները հերթով կը մօտենային, վարժապետին աջը կը համբուրէին, կը ծռէին անոր առջեւ եւ դասագիրքերը դնելով գրակալին վրայ, կը սկսէին «հաշիւ տալ»։ Սովորաբար, ամէն մէկ սխալի համար աշակերտը ափին կը ստանար «խրատ»ի սաստիկ հարուած։ Իսկ եթէ դասը բոլորովին սերտած չէր, անոր համար պատրաստ էր անիծուած ֆալախկան։

Մինչեւ այսօր չեմ մոռցած պատիժներէն մէկը, որ որքան ծիծաղելի, նոյնքան ալ սարսափելի էր։ Աշակերտը կը կանգնեցնէին ոտքի վրայ եւ երկու ձեռքով բռնել կուտային աղիւս կամ ահագին «Յայսմաւուրք»ը։ Տղան ժամերով այդ ծանր գիրքը պէտք է պահէր գլուխէն բարձր, երկու ձեռքով։ Թեւերը կը յոգնէին, ջիղերը կը թուլնային, մարելիք կուգար վրան, բայց որո՞ւ հոգն էր։

Ալեքս Կիւլամիրեան

Գլխաւոր տանջանքը այն էր, որ յանցաւորը  պէտք է կանգնէր մէկ ոտքի վրայ։ Աշակերտ մըն ալ՝ մտրակը ձեռքին, անոր մօտ կանգնած կը հսկէր այդ անտանելի մարմնամարզութիւնը։ Երբ յանցաւորը ոտքը գետին կը դնէր, ընկերը իսկոյն մտրակով կը զարնէր ոտքին։ Այդ սատանայական պատիժին ես այն աստիճան վարժուած էի, որ երկար կրնայի սագի նման մէկ ոտքի վրայ կանգնած մնալ։

Այդ անիծեալ պատիժին եւ այնքան վարժուեցայ, որ ժամերով կրնայի սագի պէս մէկ ոտքի վրայ կանգնած մնալ։

նկար Ա. Սիլվա Յովսէփեան
նկար Բ. Սիլվա Յովսէփեան

Երբ մօրս կը պատմէի դպրոցը իմ կրած տանջանքներուս մասին, ան սովորաբար կը պատասխանէր. «Ո՜րդի, մինչեւ ծեծ չուտես, մինչեւ նեղութիւն չքաշես, բա՜ն չես սորվիր։ Վնաս չունի. վարժապետին զարկած տեղը վարդ կը բուսնի»։ Ուրեմն ինչո՞ւ այնքան ծեծ կ’ուտէի, այնքան կը տանջուէի եւ դարձեալ չէի կրնար սորվիլ։ Վարժապետիս տուած դասերէն ոչինչ կը հասկնայի։ Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ հայերէն չէին անոնք։ Եւ ես բոլորովին կը հաւատայի վարժապետիս, երբ բարկութեամբ կը պոռար երեսիս. «Սատանայի ձագ, դուն մարդ չես ըլլար»։

Մելինէ Ֆորէլ

Մարտ 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

3 Responses

  1. «Ո՜րդի, մինչեւ ծեծ չուտես, մինչեւ նեղութիւն չքաշես, բա՜ն չես սորվիր։ Վնաս չունի. վարժապետին զարկած տեղը վարդ կը բուսնի»։
    Ապրի’ք երեխաներ եւ Ծիծեռնակ։ Շատ գեղեցիկ եւ դիպուկ գծագրութիւններ։ Փառք տուէք` որ դո’ւք` Տէր Թոդիկեան վարժապէտներ չունիք։

  2. Շատ արտայայտիչ գծանկարներ են Տէր Թոդիկի դպրոցը ներկայցնող:
    Հիմա Տէր Թոդիկներները չքացած են:
    Փառք Տիրոջ, հիմա ուսուցիչները ամէնէն փափուկ միջոցներով կը սովրեցնեն:
    Կեցցէք դուք երեխաներ և Ծիծեռնակ:❤️

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *