Ազատ Ագռաւ, Ճարտարագէտ
Արուեստ եւ յագեցում
Արուեստը կը պատկանի գերբանական (suprarationnel) ասպարէզին։ Իր սլացքը կ’առնէ կիրքէն, կիրք՝ որուն աղբիւրն է սաստիկ պէտք, որ կը կերպարանափոխուի դառնալու համար ոճաւորուած արտայայտութիւն։
Արդ, նիւթական հարստութեան նպատակը գոհացնել է պէտքերը. այս կը նշանակէ, որ հարստութիւնը այն գլխաւոր գործիքն է, որ ուղղակի եւ գործնական ձեւով կը գոհացնէ մարդուն կիրքերը։ Յագեցում ստացած կիրքը այլեւս ուրիշ միջոց չի փնտռեր ինքզինք արտայայտելու։ Գոհացումը կը փճացնէ կիրքին վսեմացումը արուեստին մէջ։ Հետեւաբար, հարստութիւնը կը նուազեցնէ գեղարուեստական հանճարը անոր ոտքին տակի խոտը կտրելով։
Իսկապէս օգնելու համար արուեստին, տրամադրելով նիւթական միջոցներ ի նպաստ անոր տարածման եւ զարգացման, պէտք է որ դրամը դառնայ արուեստագէտին շուրջ առանց անոր գրպանը մտնելու, քանզի անոր տաղանդին երաշխիքը չյագեցած կիրքն է։ Դաժան ճակատագիր։ Արուեստը իր ոգեշնչումը կը ստանայ տառապանքի եւ կիրքի փուլերէն, կ’արտայայտուի այս փուլերէն ճիշդ ետք իբրեւ անոնց վկայութիւնը եւ հետզհետէ կ’ամլանայ ճոխութեան փուլերու ձանձրոյթին մէջ։
15 Հոկտեմբեր 2023
Հրայր Եսայեան, հայերէնի ուսուցիչ
Բնածին տաղանդ, պայմաններ, անհրաժեշտութիւն
Նախեւառաջ կ’ուզեմ ողջունել տիկին Նորա Պարութճեանը, որ ինծի առիթ ընծայեց մասնակցելու այս շահեկան եւ հաճելի զրոյցին:
Ըստ իս՝ առանց դրամի կարելի չէ բաւականաչափ աճեցնել արուեստագէտի տաղանդն ու զարգացնել գեղարուեստական որեւէ գործունէութիւն: Արդարեւ, նիւթական միջոցները կը խթանեն արուեստագէտը, թոյլ կու տան անոր արարել ու ստեղծագործել: Սակայն հարստանալը իր նիւթական հասկացութեամբ բոլորովին ուրիշ բան է: Նիւթական հարստացումը՝ որպէս երկսայրի սուր, կրնայ արուեստագէտին նկարագիրն ու ինքնութիւնը չարափոխել, եթէ գիտակցութեան, յանձնառութեան ու անձնական կարգապահութեան պակաս կայ:
Տեսակ-տեսակ ազդակներ կրնան սպաննել արուեստը: Ահաւասիկ կը փորձեմ թուել քանի մը օրինակ.
ա) Քաջալերանքի պակասը: Երբ շրջապատը չի քաջալերեր ու չի գնահատեր տաղանդը, արուեստագէտին թափը կրնայ կոտրիլ ու ըստ այնմ կը դադրի ան ստեղծագործելէ:
բ) Տգիտութիւնը կրնայ սպաննել արուեստը: Տգէտ հայ երգիչը, օրինակ, կը նախընտրէ ընդօրինակել, բանագողութիւն ընել, կապկել, անմակարդակ երգեցողութիւն հրամցնել հանրահաճոյ դառնալու եւ շահոյթ ապահովելու համար: Ի վերջոյ, արուեստը հիմնուած է ստեղծագործութեան վրայ, եւ ստեղծագործութիւնը կը զարգանայ եւ թռիչք կ’առնէ գիտելիքի ամբարումով ու աշխատասիրութեամբ:
գ) Անխնայ նիւթապաշտութիւնը կրնայ սպաննել մաքուր արուեստը։
13 Նոյեմբեր 2023